Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2685 Քմ. Ոտքով` Մեծ Մօր Այցելելու Համար

Նոյեմբեր 7, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ռոմէօ 10 տարեկան մանչ մըն է, որ կ՛ապրի Սիկիլիա, Իտալիոյ հարաւը: Սակայն անոր մեծ մայրը կը բնակի Անգլիա: Ռոմէօ ծրագրած էր ճամբորդել եւ մեծ մօր այցելել ամրան արձակուրդին: Սակայն Քորոնա ժահրին պատճառով թռիչքները ջնջուեցան, սահմանները փակուեցան, եւ Ռոմէօ չկրցաւ ճամբորդել:

Սակայն Ռոմէօ մտադրած էր իրականցնել իր ծրագիրը: Հետեւաբար ան պատրաստեց իր ուսապարկը, հագուեցաւ արշաւի կօշիկները եւ քալելով ճամբայ ելաւ դէպի Անգլիա: Ան ամէն ինչ կազմակերպեց եւ խնդրեց իր հօրմէն` իրեն ընկերակցիլ «մեծերու հարցերը» լուծելու համար համար, յատկապէս` երկիրներու միջեւ սահմաններուն վրայ: Անոր վճռակամութիւնը ամբողջական էր:

* * *

Ռոմէօ եւ իր հայրը իրենց ամբողջ արկածախնդրութիւնը, թղթակիցներու նման, օրը օրին պատմեցին ընկերային ցանցերու վրայ: Այս ձեւով մարդիկ կրցան հետեւիլ Ռոմէոյի իր հօր Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ ճամբաներուն վրայ: Ընդամէնը` 2685 քմ, որուն մեծ մասը անոնք կտրեցին քալելով, սակայն երբեմն` նաեւ հեծիկով ու նաւով:

Անոնք առաջարկեցին այն անձերուն, որոնք կ՛ուզէին իրենց թիկունք ըլլալ, տօնակատարութիւն մը կազմակերպել տեղահան եղած անձերու համար: Ռոմէօ հանդիպած էր զանոնք ընդունող եւ մօրը կողմէ ղեկավարուող Փալերմոյի մէկ կեդրոնին մէջ: Այս ձեւով ան կրցած էր ընկերներ ունենալ աշխարհի չորս կողմերէն, մօտէն ծանօթացած էր անոնց դժուարութիւններուն… Ան անդրադարձած է, որ փակումի շրջանին այս տեղահան եւ փախստական բազմաթիւ փոքրիկներ չեն կրցած դասերուն հետեւիլ, որովհետեւ անոնք միջոցը չունէին համացանցի միջոցով դասերուն հետեւելու: Հետեւաբար ան որոշած է դրամ հաւաքել եւ անոնց համար գնել թապլեթներ եւ Ուայ Ֆայի գործիքներ: Մինչեւ հիմա ան կրցած է հաւաքել 15 հազար եւրօ:

* * *

Յունիսին սկսած այս արկածախնդրութիւնը վերջ կը գտնէ 33 օր ետք, երբ 20 սեպտեմբերին Ռոմէօ կը հասնի Անգլիա: Սակայն երկու շաբթուան պարտաւոր մեկուսացումի ժամանակէն ետքը միայն ան կրցած է վերջապէս միանալ իր 77 տարեկան մեծ մօր հետ:

Դիմակներուն Երկրորդ Կեանքը

Այս օրերուն բժշկական դիմակները մեր առօրեային մաս կը կազմեն: Կարգ մը շրջաններու մէջ նոյնիսկ ստիպողական է այդ դիմակներու գործածութիւնը, եւ կարելի չէ տունէն դուրս ելլել առանց դիմակը երեսին:

Ստեղծագործները գտած են միջոցը այս ամէնօրեայ հասարակ առարկային տալու իւրայատուկ տեսք` անոնց գործածութիւնը հաճելի դարձնելով: Օրինակի համար, մենք տեսանք մանկապատանեկան նախորդ էջերուն մէջ, թէ ինչպէ՛ս Ճափոնի մէջ վաճառատուն մը իր պաշտօնեաներուն հայթայթած է վրան ժպիտ տպուած դիմակներ: Մինչ ամերիկեան ուրիշ ընկերութիւն մը, օգտուելով Հալոուինի տօնին ժամանումէն, շուկայ իջեցուցած է չղջիկի կերպարանք ունեցող դիմակ մը:

Սակայն գծագրիչ Սթեֆըն Քրաֆթ ուզած է գործածել բժշկական պարզ դիմակը` զայն վերածելով արուեստի գործի մը: Այս ձեւով ան, ներշնչուելով դիմակին ձեւէն, զայն փոխակերպած է եւ վերածած` հետաքրքրական պատկերներու:

Մրցանիշ

Գիտէի՞ր, որ 2020-ի սեպտեմբերը մեր մոլորակին վրայ արձանագրուած ամէնէն տաք ամիսը եղաւ ջերմաստիճանները արձանագրելու դրութեան ստեղծումէն ի վեր:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թռչունի բոյնը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գոյութիւն ունեցող անբնական մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շարքի եւ սիւնակի մէջ գոյութիւն պէտք է ունենան վեց տարբեր ձեւերը` կլորը, աստղը, ադամանդաձեւը, քառակուսին, վեցանկիւնը եւ եռանկիւնը:
Նախորդը

Աղեղնախաչբառ – 1

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արաբական Հանրային Կարծիքը` Ի Տես Թուրք-Ազերիական Ոտնձգութիւններուն

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?