Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Կովկասի Շրջանը Գերի Դարձած Է Բռնութեան. Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը Իրաւունք Ունին Ապրելու, Ինքնորոշման Անոնց Իրաւունքը Իրաւական Է» (Պելճիքական «Լը Սուար» Օրաթերթ)
Շարք մը ֆրանսացի եւ պելճիքացի խորհրդարանականներ, ակադեմականներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներ անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին:
Միջազգային ընտանիքին աղմկոտ լռութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող վայրագութեան հանդէպ մեզ կը մղէ գրելու: Իբրեւ խորհրդարանականներ` եւ ակադեմականներ, մեզմէ շատեր առիթ ունեցած են այս վերջին տարիներուն այցելելու Լեռնային Ղարաբաղ, ուր կայունօրէն կը տիրէ իսկական ժողովրդավարական համակարգը: Այնտեղ քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներուն, անկախ կազմակերպութիւններու գործիչներուն հետ հանդիպումները, ինչպէս նաեւ տարբեր լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցները ցոյց կու տան այս ժողովրդավարության անքակտելի բնոյթը: Շրջապատուած Ազրպէյճանով, Թուրքիայով եւ Իրանով` հզօր պետութիւններու «նմուշներ», նոյնիսկ` ամբողջատիրական, Լեռնային Ղարաբաղը, որ կը վայելէ Հայաստանի աջակցութիւնը, իսկապէս ժողովրդավարական բացառութեան պատկեր է: Եթէ միջազգային ընտանիքը շարունակէ լուռ մնալ, ան կը ստորագրէ մահուան դատավճիռը հայկական ծագում ունեցող բնակչութեան, որ միայն կը խնդրէ խաղաղ ապրիլ եւ ունենալ ինքնորոշման իրաւունք: Օրինական պահանջ` անցեալի մը առջեւ, որ զանոնք չէ խնայած:
Ազրպէյճանի մէջ ապրող հայերը շարունակական ձեւով ենթարկուած են ծրագրուած ջարդերու, ներառեալ` Սումկայիթի (25-27 փետրուար 1988), Կիրովապատի (Գանձակ, 23 նոյեմբեր 1988), Պաքուի (12-19 յունուար 1990) եւ Մարաղայի մէջ (10 ապրիլ 1992): Պէտք է հետեւցնենք, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք հայերուն անվտանգութիւնը չէր ապահովուած Ազրէյճանի հողերուն վրայ: Աւելի՛ն. տարիներէ վեր կը շարունակուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններու` հայերու «ոչնչացման» ծրագիրի հռետորաբանութիւնը: Ազրպէյճանի մէջ հայկական քաղաքներու, հասարակական եւ կրօնական կառոյցներու համակարգուած ոչնչացումը չ՛ենթադրեր, որ հայ բնակչութիւնը, հակառակ պարագային, ապահով պիտի ապրի Ազրպէյճանի կողմէ կառավարուող նոր միջավայրին մէջ:
Թուրքիոյ կողմէ կը ժխտուի յիշողութիւնը
«Առանց արդարութեան` տեւական խաղաղութիւն գոյութիւն չունի, եւ արդարութիւնը քննարկման առարկայ չէ», յայտնած է Նոպելեան մրցանակակիր Տենիս Մուքուեկը: Հայերը կը սպասեն այդ տեւական խաղաղութեան:
Աւելի քան դար մը անց Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, Թուրքիոյ կողմէ այս արարքին ժխտումը մեծ վտանգի տակ կը դնէ հայ համայնքը: Նախ` Թուրքիոյ մէջ: Նոյնիսկ եթէ հայերը եւ թուրքերը շատոնց կը գոյակցին, անոնք, որոնք իրենց հայկական ծագումը կը բացայայտեն, այլեւս ապահով չեն զգար: Պէտք է յիշեցնել «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը 19 յունուար 2007-ին, խմբագրատան առջեւ:
Այսօր նախագահ Էրտողանի Թուրքիան, կայսերապաշտական ընթացքով, քաղաքական եւ զինուորական գետնի վրայ կ՛աջակցի Ազրպէյճանին: Կը նիւթականացնէ իր աջակցութիւնը, Սուրիայէն ժիհատականներ ուղարկելով պատերազմի դաշտ:
Լեռնային Ղարաբաղը պէտք չէ լքուի, քանի որ ատիկա վտանգի տակ կը դնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը
Այլ ժամանակակից սահմաններու նման, որոնք կամայական որոշումներու զոհ դարձած են, Լեռնային Ղարաբաղը 1921-ին կամայականօրէն Ստալինի կողմէ տրուեցաւ Խորհրդային Ազրպէյճանին` արհամարհելով շրջանի ժողովրդագրական պատկերը: Մինչ այդ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը հայերու պատմական հողերուն մաս կը կազմէր:
Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը բազմաթիւ անգամներ փորձեց ձերբազատիլ Ազրպէյճանէն եւ 2 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակեց իր անկախութիւնը: Անկախութենէն ի վեր իշխանութիւնները հոն հաստատած են ժողովրդավարական համակարգ, որ վաւերացուած է բազմաթիւ դիտորդներու կողմէ, եւ որ կ՛ապահովէ իր բնակիչներուն անվտանգութիւնն ու մշակութային եւ տնտեսական աճը:
Քայլ առնելը ընտրանք է եւ անհրաժեշտութիւն
Ստորագրեալները անընդունելի կը համարեն 27 սեպտեմբեր 2020-ին ազրպէյճանական բանակին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակումը, որ կը խախտէ մարդկային սկզբունքները: Հայ ժողովուրդը վտանգի տակ է իր երկու հիմնական դրացիներուն կողմէ. Ազրպէյճան եւ Թուրքիա:
Այս վայրագութիւնը, որուն զոհն է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, վտանգի տակ կը դնէ ժողովրդավարական համակարգ մը եւ պարտադիր կը դարձնէ այլ ժողովրդավարական համակարգներու աջակցութիւնը:
Վերջին ռազմական գործողութիւններու իսկական պատասխանատուութեան վերաբերեալ միջազգային հանրութեան լռութիւնը համազօր է Ազրպէյճանի բռնութեան համաձայնութիւն տալուն:
Հետեւաբար, Եւրոպան եւ անոր պետութիւնները, յատկապէս` Պելճիքան, պէտք է գործեն, որպէսզի հաստատեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, եւ մասնաւորաբար` այն օրէնքը, որ կը վերաբերի վտանգի տակ գտնուող բնակչութեան, եւ ապահովեն զինադադարի դրութեան հաստատումը:
Մենք մեր իշխանութիւններէն կ՛ակնկալենք, որ ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ինքնորոշման իրաւունքը, քանի որ ատիկա միակ ընտրանքն է, որ պիտի ապահովէ ժողովուրդին անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ շրջանին մէջ: Այս ինքնորոշման իրաւունքը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի երեք համանախագահները կը համարեն նաեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու երեք հիմնասիւններէն մէկը:
Ձեռնպահ մնալ` կը նշանակէ թոյլ տալ Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ վերջ դնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու գոյութեան, ձեռնպահ մնալ` կը նշանակէ դատապարտել հայերը եւ անոնց միջոցով` ժողովրդավարութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայերը Ոչ Միայն Դէմ Յանդիման Կը Տնուին Պատերազմի Մը, Այլ Նաեւ` Բնաջնջման Փորձի» (Ֆրանսական «Լը Մոնտ» Օրաթերթ – Հատուածներ)
40 մտաւորականներ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու հայերուն ինքնորոշման իրաւունքը` կանխելու համար Անգարայի եւ Պաքուի փանթուրանականութեան ծրագիրը, որպէսզի կարելի ըլլայ խաղաղութիւն հաստատել շրջանին մէջ:
27 սեպտեմբերէն ի վեր Ազրպէյճան, Թուրքիոյ աշխուժ աջակցութեամբ, պատերազմ շղթայազերծած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ: Անոր նպատակը յստակ է. գրաւել Լեռնային Ղարաբաղը: Ազրպէյճանական վարչակարգը եւ անոր կնքահայր եւ գործակից Թուրքիան երբեք չեն ծածկած այս նպատակը:
Այս նպատակով Ազրպէյճան կը ստանայ Թուրքիոյ աջակցութիւնը, խորհրդատուութիւնը, զէնքերը: Անոնք կը փորձեն իրականացնել փանթուրականութեան իրենց ծրագիրը, որ կ՛ենթադրէ բնաջնջել հայերը:
Ուրեմն հայերը այսօր ոչ միայն պատերազմի մը դէմ յանդիման կը գտնուին, այլեւ` բնաջնջման փորձի: Խօսքը չի վերաբերիր 1915 ցեղասպանութեան ուրուականին, բայց անոր ներկայ տարբերակին` Ղարաբաղի հայերու բնաջնջման ծրագիրին: Ատիկա կը պատահի օր ցերեկով, մեր աչքերուն առջեւ: Միակ տարբերութիւնը 1915 թուականէն այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը ունին արդիւնաւէտ եւ շատ լաւ մարզուած բանակներ, որոնք այժմ կը յաջողին կասեցնել յարձակումները:
Բայց արդեօ՞ք տրամաբանական է առանձին ձգել ազգ մը, որ ունի հազիւ 3 միլիոն բնակիչ եւ պաշարուած է երկու աւելի հզօր պետութիւններու կրակներուն տակ: Արդեօ՞ք տրամաբանական է քանի մը հազար երիտասարդի ուսերուն ձգել թուրք-ազրպէյճանական ֆաշական կայսերապաշտութիւնը կասեցնելը: Բաւական զարմանալի է, որ հաւասարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու շրջանակները, յատկապէս անոնք, որոնք կը պայքարին ցեղային խտրականութեան եւ ֆաշականութեան դէմ, շատ թոյլ ձեւով կը զօրակցին արցախեան հարցին:
Իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ մոլորակային հակամարտութեան դրուագ ըլլալէն անդին, ասիկա 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան ներքեւ ժամանակակից Թուրքիան ներշնչող երիտթուրքերուն հետ փանթուրականութեան ծրագիրի վերականգնումն է: Այս հեռանկարը կ՛օգտագործուի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ`իր հասարակական կարծիքը զօրաշարժի ենթարկելու եւ իր վարձկանները ներգրաւելու համար:
Լեռնային Ղարաբաղ. «Թուրք Կայսերապաշտութիւնը Կը Խոչընդոտէ Հայ Ժողովուրդին Իրաւունքները» (Պատմաբան Օլիվիէ Տելորմի Յօդուածէն Հատուածներ – Աղբիւր` «Ֆիկարօ»)
Պատմութեան ընթացքին Թուրքիոյ դաժան վայրագութիւնները անտեսուած են, կը նշէ Օլիվիէ Տելորմ: Պատմաբանը կ՛ափսոսայ արեւմտեան ներողամտութեան` թրքական վարչակարգի կայսերապաշտութեան հանդէպ:
Պէ՞տք է իսկապէս պահպանել բարեկամներ Լենինի եւ Ստալինի ժառանգութիւնը Կովկասի մէջ: Սուրիոյ, Լիպիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի դէմ Թուրքիոյ յարձակումներուն համար փնտռելով ամէն տեսակի հաւանական պատճառաբանութիւն, այսօր պէտք է այդ հարցումը ուղղենք` փոխանակ մեր կեդրոնացումը շեղենք այն պատերազմէն, որ Ազրպէյճանի միջոցով այսօր Անգարայի իսլամական-կայսերապաշտական համակարգը կ՛իրականացնէ հայերուն դէմ:
Կրնանք նաեւ հարց տալ այդ պատճառներուն մասին, որոնք կը մղեն Արեւմուտքը` ներողամիտ գտնուելու այս թրքական վարչակարգին հանդէպ, որ տակաւին լայնօրէն կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան կողմէ, եւ իր բանակին մէջ ներառած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գտնուող Տահէշի եւ Քայիտայի մնացորդները, որոնց կը տարածէ Լիպիայէն մինչեւ Կովկաս: Կամ ինչո՞ւ Գերմանիան զայն կը պաշտպանէ որեւէ պատժամիջոցէ` իր 2,5 միլիառ տոլար առեւտրական շահի՞ն, եւ Գերմանիոյ մէջ 3 միլիոն թուրքերո՞ւն համար, որոնց 65 առ հարիւրը կը քուէարկէ Էրտողանին:
Պէտք է նոյնիսկ հարց տալ այն պատճառներուն մասին, որոնք չեն մղեր «սեւ օրերու վերադարձը» դատապարտող մասնագէտները` դատապարտելու յարձակողապաշտ երկիր մը, ուր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պաշտօնական վարդապետութիւն է, որ կը դասաւանդուի դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ: Պահ մը երեւակայենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլային միջազգային արձագանգները, եթէ Գերմանիան յարձակէր Իսրայէլի վրայ:
Եւ պէտք է դադրեցել «անջատողական» բառը օգտագործելէ Լեռնային Ղարաբաղի համար: Արցախը հայերուն կը պատկանի, Արցախը հին ժամանակաշրջանէն բնակուած է աւելի քան 90 առ հարիւր հայ բնակչութեամբ, մինչ Խորհրդային Ազրպէյճանին անոր կցումը տեղի ունենցած է 1921 թուականին: Այս հանրապետութիւնը կազմող հողերը գրաւուած են Ռուսական կայսրութեան կողմէ 19-րդ դարուն: Անոր պատասխանատուները համագործակցած են Ցեղասպանութիւնը իրագործելու եւ նոյնիսկ կազմակերպած են հայերու ջարդը` յատկապէս Արցախի մէջ, պոլշեւիկեան յեղափոխութեան եւ տարածաշրջանի խորհրդայնացման շրջաններուն միջեւ:
Արցախի կցումը Ազրպէյճանին իրաւական հիմք չունի, բացի Լենինի որոշումէն` գործադրուած Ստալինի կողմէ, յուլիս 1921-ին, գոհացնելու համար ազգայնական Քեմալը, որուն հետ Խորհրդային Միութիւնը համաձայնագիր ստորագրած է մարտին, մինչ ան դէմ կենալով Օսմանեան կայսրութեան` դեկտեմբեր 1920-ին նուաճած է Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը, որ ստիպուած եղած է ապաւինիլ խորհրդայիններուն` խուսափելու թուրքերուն կողմէ ամբողջական բնաջնջման:
Դար մը առաջ Արցախի հայերը ջարդած ազերիները այսօր կը գործեն թրքական ժխտողական պետութեան ի նպաստ:
Եթէ նայինք քրաճինա սերպերու ճակատագիրին` 1995-ին խրուաթական վերագրաւումին ժամանակ, կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ Արցախի հայերը այսքան վճռական են ինքնապաշտպանուելու: Քանի որ քրաճինա սերպերու ցեղային բնաջնջումը, արեւմտեան մեղսակցութեամբ, շրջանները գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկեց 200.000-250.000 սերպերէն, որոնք կը կազմէին բնակչութեան մեծ մասը` նախքան 1991 թուականը, եւ երբեք հարցականի տակ չդրուեցաւ Եւրոպական միութեան մը կողմէ, որ միայն կը հետաքրքրուի որոշ աշխարհագրական շրջաններով:
Նկատենք նաեւ, որ անոնք, որոնք Արցախի բնակիչները կ՛որակեն իբրեւ անջատողականներ, ոչ մէկ ձեւով աղմուկ կը բարձրացնեն Թուրքիոյ կողմէ 1974 թուականէն սկսեալ Կիպրոսի գրաւուած հողերուն վերաբերեալ, ուր Թուրքիա իրագործեց ցեղային բնաջնջում:
Միջազգային ընտանիքը սկզբունքով պէտք է երեսուն տարի առաջ լուծէր ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը: