Սպանական «Marca» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլիստները հերթական անգամ «Քորոնա» ժահրի իրենց քննութիւնները յանձնեցին իրենց ակումբին բժիշկներուն:
Յայտարարուեցաւ, որ պրազիլցի յետսապահ Էտեր Միլիթաոյի քննութեան արդիւնքը եղած է դրական:
Ֆութպոլիստը կրկնակի քննութիւն պիտի կատարէ:



