Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր չորս տարբեր խմբակներու մէջ կը կատարուին ութ ճակատումներ:
Այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն ծիրին մէջ բաւական հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ Լայփցիկ-Փարիզ Սեն Ժերմէն ճակատումը, որ պիտի սկսի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նոյն խմբակին մէջ (Ը. խմբակ), սակայն, ժամը 19:55-ին Մանչեսթըր Եունայթըտ Թուրքիոյ մէջ կը մրցի Իսթանպուլ Պաշաքշեհիրի դէմ:
Այլ մրցումի մը Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Տինամօ Քիեւը` ժամը 22:00-ին: