Զուիցերիացի թենիսմէն Ռոժէ Ֆետերեր իւրայատուկ նուաճման հեղինակ դարձաւ:
39 տարեկան Ֆետերեր 1000-րդ շաբաթն ըլլալով մնաց թենիսի միջազգային դասաւորման առաջին քսանին մէջ: Լուրը հաղորդեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ չորրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ֆետերեր այս ցուցանիշով բացարձակ յառաջատարն է:
Յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուին իրենց արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած Ճիմի Քանըրզ եւ Անտրէ Աղասի, որոնք առաջին քսանին մէջ մնացած են` յաջորդաբար 917 եւ 868 շաբաթ:
Աշխարհի 2-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ առաջին քսանին մէջ է 792 շաբաթէ ի վեր, իսկ թիւ 3 դասուած Նովաք Ճոքովիչ` 706 շաբաթէ ի վեր: