Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Բարերար Հրայր Սողոմոնեանի Անթառամ Յիշատակին

Հոկտեմբեր 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը վերջերս խոր կսկիծով գուժեց մահը եզակի անձնաւորութեան մը, որուն անունն ու վաստակը դեռ երկար տարիներ պիտի յիշուին եւ օրինակ դառնան գալիք սերունդներու:

Արդարեւ, վարժարանիս 1967 կրթական տարեշրջանի շրջանաւարտներէն եղած է տիար Հրայր Սողոմոնեան: Ինչպէս գիտենք, ան, շնորհիւ իր ջանասիրութեան եւ հեզահամբոյր նկարագիրին, յարատեւող կամքին ու մարդկային յատկութիւններու նկատմամբ ցուցաբերած հաւատամքին, կրցած է շրջանցել կեանքի դժուարին ու դառն պայմանները, հասնիլ հոն, ուր երազած էր ըլլալ միշտ, նուաճել գործատէրի ու յաջողակ առեւտրականի կոչումը, պարտադրել ինքզինք միջազգային շուկաներու հարթակին վրայ ու լծուիլ սեփական աշխատանքի զարգացման:

Փաստօրէն, տարիներ շարունակ Հրայր Սողոմոնեան դարձաւ պատկառելի անուն մը, որով կը հպարտանայ առաջին հերթին ընտանիքը, ապա` ամբողջ գաղութահայ կեանքը, ազգը առանձնաբար, որովհետեւ ան, շնորհիւ իր ազնուասիրտ  եւ ազգանուէր առանձնայատկութեան, եղաւ ջանադիր հայորդի մը, որ միայն ու միայն նուիրաբերեց, առանց ակնկալութեան օժանդակեց, օգնեց, կարեկցանք ու գութ բաշխեց, հասաւ բոլորին, սիրուեցաւ եւ յարգուեցաւ բոլորէն:

Իրօք, Հրայր Սողոմոնեան, երկար տարիներ իր անսակարկ ծառայութիւնը մատուցեց հայ եկեղեցւոյ, դպրոցին, միութեան թէ ակումբին: Առանց երկմտանքի ան ընդառաջեց բոլորին եւ իր նիւթաբարոյական աջակցութեամբ կրցաւ ամուր ու շէն պահել ազգային կառոյցները,  ի հարկին բարեզարդել, նորոգել, որպէսզի նորահաս սերունդը կարենայ ստանալ հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն:

Ան քաջ կը հաւատար ազգային արժէքներուն, աւանդութեան եւ հայեցի դիմագիծի պահպանման անհրաժեշտութեան: Աւելի՛ն. ան թեւ ու թիկունք էր գաղութի տարբեր հայաբոյր կառոյցներու, որոնց կարգին` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին: Բոլոր պատեհ առիթներու, երբ վարժարանիս տնօրէնութիւնը դիմած է անոր, միշտ եւ անվերապահօրէն արժանացած է  Հրայր Սողոմոնեանի ջերմ վերաբերումին եւ նիւթաբարոյական աջակցութեան: Ան չէ զլացած երբեք, աւելի՛ն. թիկունք կանգնած է որեւէ ծրագիրի իրականացման` յանուն հայ վարժարանի գոյատեւման եւ առաքելութեան պահպանման:

Իր ողջ կեանքի ընթացքին եթէ երբեք Հրայր Սողոմոնեան արժանացաւ ազգային բարերարի կոչումին, ապա ատիկա` շնորհիւ իր մարդկային տեսակին, որով զատորոշուեցաւ ուրիշներէ: Ան մեր անձնական ու հաւաքական յիշողութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ բարի, համեստ ու ազնուարիւն հայ, որ ողջուց կրցաւ նուաճել բոլորին սրտերը ու սիրուիլ անխտիր բոլորին կողմէ:

Ճիշդ է, որ Հրայր Սողոմոնեանի անժամանակ մահով սփիւռքահայութիւնը կորսնցուց հարազատ ու բարեհոգի անձնաւորութիւն մը, որուն բացակայութիւնը զգալի պիտի ըլլայ երկար ժամանակ, այդուհանդերձ, հաւատացողն ենք, որ մեր սիրելի բարերարին բարի դէմքն ու հայատրոփ սիրտը պիտի մնան քանդակուած մեր բոլորին յիշողութեան մէջ:

Արժանաւորներու յիշատակը միշտ լոյսի մէջ պիտի մնայ:

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

20 հոկտեմբեր 2020

Նախորդը

Բողոքի Ցոյցեր

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (28 Հոկտեմբեր 2020)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025
Խոր Վիշտով Եւ Կսկիծով Կը Գուժենք Ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեանի Մահուան Տխուր Լուրը
Անդրադարձ

Խոր Վիշտով Եւ Կսկիծով Կը Գուժենք Ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեանի Մահուան Տխուր Լուրը

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?