Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կողմերը Չեն Կատարեր Ղարաբաղի Մէջ Հրադադարին Վերաբերող Համաձայնութիւնները» Կ՛ըսէ Փեսքով

Հոկտեմբեր 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղարաբաղի տագնապի կողմերը ազրպէյճանական արցախեան սահմանագօտիին մէջ զինադադարի դրութեան եւ մարդասիրական հրադադարի մասին համաձայնութիւնները չեն իրագործեր: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Առայժմ կարելի չէ արձանագրել, որ կրակոցի դադրեցման եւ մարդասիրական հրադադարի վերաբերեալ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը պահպանուին: Ցաւօք, կողմերը զանոնք չեն պահպաներ», ըսած է Փեսքով:

«Ռաշա Թուտէյ» իր կարգին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբերը յայտնած է, թէ Ռուսիան ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը տեղափոխէ քաղաքական¬դիւանագիտական հուն` աւելցնելով, որ հարցի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի:

Քրեմլինի բանբերը ընդգծած է, թէ Ռուսիան կը պատրաստուի հետագային եւս ամէն ջանք ի  գործ դնել տագնապի խաղաղ լուծման համար:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ` խօսելով տագնապի լուծման գոյութիւն ունեցող ձեւաչափին երրորդ երկիրներու մասնակցութեան մասին` Փեսքով ըսած է, թէ խնդիրը ամբողջութեամբ կախեալ է տագնապի մասնակիցներու քաղաքական կամքէն: «Տագնապին մասնակիցները երկու են` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, ուստի անոր լուծման մասնակցելու կամ միջնորդ ըլլալու համար պէտք է համաձայնութիւն տան երկու կողմերը», ընդգծած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

Նախորդը

Զաթուլին Չի Բացառեր Արցախի Մէջ Անկարգելաւորներու Գործողութեան Հնարաւորութիւնը

Յաջորդը

«Ռուսիան Կը Շարունակէ Արցախի Մէջ Արիւնահեղութիւնը Դադրեցնելու Ուղիներ Փնտռել» Կ՛ըսէ Չախարովա

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?