Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաթուլին Չի Բացառեր Արցախի Մէջ Անկարգելաւորներու Գործողութեան Հնարաւորութիւնը

Հոկտեմբեր 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պետական Տումայի Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) եւ Եւրասիական համարկման հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին չէ բացառած, որ Ռուսիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան արձագանգելու տարբերակներէն մէկը ըլլայ անկարգելաւորներու գործողութեան իրականացումը:

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ն, կը հաղորդէ, որ Զաթուլին նշած է, թէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը խաթարած են Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, ատոր համար ալ անոնց պէտք է յիշեցնել, թէ «յետխորհրդային տարածքին մէջ ո՛ր պետութիւնը կը մնայ ղեկավար»: Միաժամանակ, ան խոստովանած է, որ վստահ չէ, թէ Մոսկուան ինչպէ՛ս պէտք է գործէ, սակայն հնարաւոր տարբերակներու շարքին նշած է անկարգելաւորներու գործողութիւնը:

«Ասիկա կարելի է Հայաստանի ռազմական ներուժի ցուցադրական ուժեղացման տեսքով: ՀԱՊԿ¬ին դիմելու տեսքով` անկարգելաւորներու գործողութեան միջոցով հայկական` ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի, այլ հայկական տարածքը պաշտպանելու համար միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան պատճառով: Օդային շրջափակման բացման միջոցով: Մենք Վրաստանին պէտք է յստակ բացատրենք, որ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է հանգիստ ընդունի, որ անհրաժեշտ ուժերն ու միջոցները իր օդային տարածքով պէտք է ուղարկուին Հայաստան: Այս որոշումը պարտադիր է, որովհետեւ խօսքը զինեալներու` ամբողջ Կովկասի մէջ տարածման մասին է, ինչէն պիտի տուժեն թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Վրաստանը, թէ՛ մնացեալը: Սպառնալիք կը յառաջանայ հայ բնակչութեան մեծ զանգուածի համար, որ պատմականօրէն կը յիշէ այդ տարածքին մէջ ցեղասպանութիւնը: Մենք պէտք է քայլերու ձեռնարկենք», նշած է Քոնսթանթին Զաթուլին:

«Լազարեւսքի.քլապ» կայքը աւելի ուշ հաղորդեց, որ ան այդ տեսակէտի վերաբերեալ թիւրիմացութիւններէ խուսափելու համար որոշ բացատրութիւններ տուած է: «Լրագրողին հետ զրոյցիս մէջ քանի մը անգամ ընդգծած եմ, որ խօսքը կրնայ ըլլալ ոչ թէ Ղարաբաղի տարածքին մէջ, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մեր զինուորական ներկայութեան ուժեղացման մասին, մանաւանդ Կովկասի մէջ ընդլայնուող եւ Թուրքիան ընդգրկող պատերազմի լոյսին տակ:

«Կը շարունակեմ մնալ այն կարծիքին, որ անբնական է դրութիւնը, որուն լոյսին տակ Հայաստանի շուրջ օդային տարածքի արգելափակման պատճառով Գիւմրիի մէջ մեր ռազմակայանը կը դառնայ Հայաստանի հանրապետութեան շրջափակման գերի:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր բերնով արդէն արտայայտուած է այն մասին, որ Ռուսիան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ Հայաստանի նկատմամբ կատարած է եւ պիտի շարունակէ կատարել իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները: Անկասկած, մեր դաշնակիցին անվտանգութեան ամրապնդման ուղղուած յաւելեալ քայլերու դիմել¬չդիմելու հարցը (իմ տեղեկութիւններով` այդպիսի դիմում չէ եղած) կրնայ ըլլալ անոր դիմումին իբրեւ արձագանգ կամ ալ Գերագոյն¬գլխաւոր հրամանատարի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան որոշումով:

«Իբրեւ փորձագէտ` կը գտնեմ, որ տարածաշրջանին մէջ ռուսական զինուորական ներկայութեան ամրապնդման քայլը չի կրնար բացառուիլ իրավիճակի ոչ բարենպաստ զարգացման պարագային», եզրափակած է Զաթուլին:

Ռուսիան Չի Ծրագրեր Գործողութիւններ Կատարել
Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Գօտիին Մէջ

Ռուսիան չի ծրագրեր գործողութիւններ կատարել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Տումայի պաշտպանութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Անտրէյ Քրասով` անդրադառնալով լրատուամիջոցներու կողմէ Ռուսիոյ պետական Տումայի երեսփոխան, ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի տնօրէն Քոնսթանթին Զաթուլինին վերագրուած յայտարարութեան:

«Ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ռուսական զինեալ ուժերու օգտագործում չի նախատեսուիր: Նշուած դիրքորոշումին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ», ըսած է Քրասով:

Նախորդը

Ազրպէյճան Կրակ Բացած Է Իրանի Խաղաղ Բնակիչներու Տուներուն Վրայ

Յաջորդը

«Կողմերը Չեն Կատարեր Ղարաբաղի Մէջ Հրադադարին Վերաբերող Համաձայնութիւնները» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?