Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտ. Մենք Աւելի Լաւ Կը Հասկնա՞նք, Երբ Մեր Շուրջը Աղմուկ Կայ

Հոկտեմբեր 21, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս օրերուն մենք ստիպուած ենք դասերուն հետեւելու տունէն, մեր համակարգիչներուն դիմաց նստած, հեռու դասարանին չորս պատերէն եւ հոն գոյութիւն ունեցող կեդրոնացած մթնոլորտին: Եւ երբեմն, երբ մենք ուսուցիչին, ուսուցչուհիին դասին կը հետեւինք համակարգիչին դիմաց նստած, մեր շուրջէն կը լսենք տեսակաւոր ձայներ` բացուող դուռը, հնչող զանգը, ինքնաշարժի ձայները եւ անոնց ճչակները, փողոցէն մինչեւ մեր սենեակը հասնող տարբեր ձայներ… Այս պարագաներուն մենք կրնանք խանգարուիլ, մեր կեդրոնացումը կորսնցնել, եւ իբրեւ հետեւանք մենք լաւ չենք հասկնար բոլոր բացատրութիւնները…

Սակայն կան մանուկներ, որոնք աւելի դիւրութեամբ կը հասկնան խօսակցութիւնները աղմկոտ շրջապատի մը մէջ: Իսկ այս երեւոյթը ուղղակիօրէն կապուած է ընթերցանութեան հետ:

*

Ըստ խումբ մը մասնագէտներու, ընթերցանութեան եւ լսողութեան կարողութիւններուն միջեւ կայ յստակ կապ մը: 2016-2018 թուականներուն միջեւ պելճիքացի մասնագէտներու այս խմբակը կատարած է ուսումնասիրութիւններ` ֆրանսախօս նախակրթարանի մօտաւորապէս հարիւր աշակերտներու վրայ: Աշակերտներուն առաջարկուած է մտիկ ընել պատմութիւն մը` նախ հանդարտ միջավայրի մը մէջ, ապա աղմկալի մթնոլորտի մը մէջ: Այս փորձերուն ընթացքին աշակերտները իրենց գլխուն վրայ ունէին յատուկ «գլխարկ» մը, որ կարելիութիւն կու տար գիտնալու, թէ ո՛ր բաժինները կը բանին:

Ապա մասնագէտները վերլուծած են այս ուսումնասիրութիւնները:

*

Ըստ անոնց եզրակացութիւններուն, լաւ ընթերցող աշակերտները նաեւ աւելի լաւ կը հասկնան արտասանուած խօսքերը աղմկալի մթնոլորտի մէջ: Անոնք նուազ դժուարութիւն ունեցան հետեւելու պատմութեան, երբ խանգարող ձայներ կային իրենց մօտ, ինչպէս մօտիկ կանգնած երկու խօսող անձերու խօսակցութիւնը: Երբ աշակերտները դիւրութիւնը ունին ինքնագործ (օթօմաթիք) ձեւով կարդալու, այսինքն առանց գիր-գիր բառը կազմելու, անոնք աւելի լաւ կարողութիւն ունին խօսակցութեան հետեւելու աղմուկին մէջ:

Իսկ դո՞ւն, կը սիրե՞ս ընթերցանութիւնը:

Խաղաղութեան
Նոպէլեան Մրցանակը

Ամէն տարի հոկտեմբեր ամսուն կը յայտարարուի Նոպէլեան մրցանակակիրներու անունները: Այս հեղինակաւոր մրցանակը 1901 թուականէն ի վեր կը տրուի տարբեր մարզերու մէջ իւրայատուկ գիւտեր եւ յառաջդիմութիւններ կատարած մասնագէտներու:

Այս ձեւով ամէն տարի բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, բժշկութեան, գրականութեան եւ վերջապէս աշխարհի խաղաղութեան վերաբերեալ կատարուած աշխատանքներու մարզին մէջ գիտնականներ, գրագէտներ եւ անձնաւորութիւններ կը ստանան մեծ գումար մը` իբրեւ վարձատրութիւն: Այս գումարը անոնց կարելիութիւն կու տայ շարունակելու իրենց աշխատանքները:

Այս հինգ մրցանակներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը: Այս մարզին մէջ առաջին մրցանակակիրը եղած է Հանրի Տիւնան, որ հիմնած է Միջազգային Կարմիր Խաչ կազմակերպութիւնը: Ուրիշ նշանաւոր մրցանակակիրներէն յիշենք Մարթըն Լութըր Քինկը (1964), որ աշխատած է մարդոց իրաւունքներու հետանդման մարզին մէջ, Մայր Թերեզան (1979), որ Հնդկաստանի մէջ հիմնած է թշուառներու օգնութեան յատուկ առաքելութիւն մը, հոգեւոր առաջնորդ Տալայ Լաման (1989), Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը (2001), որ կը գործէ աւելի խաղաղ եւ լաւ կազմակերպուած աշխարհ մը ունենալու նպատակով, Մալալա Եուսաֆզայ, փաքիստանցի պարմանուհին (2014), որ կը պայքարի փոքրիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ յատկապէս անոնց ուսում ստանալու իրաւունքին համար:

Այս տարի այս մրցանակը տրուեցաւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան «Միջազգային Սնունդ»-ի յայտագիրին: Այս կազմակերպութիւնը վարձատրուեցաւ սովի դէմ պայքարելու իր ճիգերուն, ինչպէս նաեւ բախումներ ապրող շրջաններու մէջ խաղաղութեան պայմաններու բարելաւման միտող անոր ջանքերուն օժանդակութեան համար:

Ըստ «Միջազգային Սնունդ» յայտագիրին, 2019 թուականին աշխարհի մէջ 690 անձեր կը տառապէին սովէ: Նոյն տարին կազմակերպութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ բանժած էր 15 միլիառ ուտելիքի ծրարներ եւ օգնութեան հասած 97 միլիոն անձերու` 88 երկիրներու մէջ: Ճիշդ է, որ այս թիւերը շատ բարձր են, սակայն անոնք կը մնան դժբախտաբար անբաւարար:

Ըստ կազմակերպութեան տնօրէնին, սովին վերջ տալու միակ միջոցը բախումները դադրեցնելն է: Պատերազմը, բախումները կրնան ըլլալ թէ՛ պատճառը, թէ՛ ալ հետեւանքը: Հետեւաբար, սովին դէմ պայքարիլ կը նշանակէ նաեւ պայքարիլ աշխարհի խաղաղութեան համար:ւթեան եւ յատկապէս անոնց ուսում ստանալու իրաւունքին համար:

Ժամանց
Յովիկ չի յիշեր իր փոխադրակառքին թիւը: Սակայն ան վստահ է, որ իր փոխադրակառքը տարբեր է միւս փոխադրակառքերէն: Կրնա՞ս գտնել Յովիկին փոխադրակառքին թիւը:
Կրնա՞ս քու համակարգիչէդ կապուիլ ուսուցչուհիիդ համակարգիչին` առանց անցնելու ուրիշ խաղի կայքերէ:
Ընկերներ են Անին, Լենան, Պետիկը եւ Սեւակը, անոնք կ՛ապրին նոյն թաղամասին մէջ: Հետեւելով տարբեր տեղեկութիւններուն` կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ւր կը բնակի անոնցմէ իւրաքանչիւրը:
. Անին կ՛ապրի Մեծ Ծառ փողոցին մէջ:
. Սեւակ կ՛ապրի Պետիկին տան շեղակի ուղղութեամբ:
. Լենան կ՛ապրի Անիին փողոցին մէջ, սակայն փողոցին միւս բաժինին` դիմացի մայթին վրայ:
. Պետիկը կ՛ապրի Անիին դիմացը:
. Լենան եւ Սեւակը կ՛ապրին նոյն բաժինին մէջ, սակայն ոչ նոյն փողոցին վրայ:
. Պետիկ չի բնակիր Մեծ Ծառ փողոցին մէջ:
. Անի պէտք է իր փողոցէն դուրս ելլէ այցելելու համար Պետիկին կամ Սեւակին:
Կրնա՞ս գտնել բոլոր այն տարրերը, որոնք չեն բուսնիր ծառերու վրայ:
Նախորդը

Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 8-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Սալամ Սալիմային

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (21 Հոկտեմբեր 2020)

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?