Ալճերիոյ խորհրդարանի անդամ Իպրահիմ Ղումա «Հայաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիպիոյ Զանթան քաղաքի ըմբոստներէն ուժ մը ազատած է երկուշաբթի գիշեր Քայիտայի կողմէ առեւանգուելով Լիպիա տարուած ալճերիացի նահանգապետ Մոհամետ Իտ Խալաֆը:
Վերջինս առեւանգուելէ ետք իր ընտանիքին անդամներուն հեռաձայնելով անոնց փոխանցած է Ղատիր ընտանիքէն անցեալ ամիս ահաբեկչութեան ամբաստանութեամբ բանտարկութեան վճիռ ստացած անհատներու ազատ արձակման պահանջ մը:


