Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլի Թաշճեանի Խօսքը` Արցախի Ազատամարտիկ, Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նուիրուած Ձեռնարկին

October 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այնճար հայաւանին մէջ ծնած, տեղւոյն Ազգային վարժարանը աւարտած, պատանեկանի ու ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ դաշնակցականի իր կազմաւորումը ստացած, ապա հայ երգի ճամբով սերունդ դաստիարակած, մեր բոլորին սիրելի թենոր  Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան լուրը, անկասկած, ցնցեց մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգին:

Սիրելի՛ ընկ. Գէորգ, նախ եւ առաջ պէտք է ըսել, որ միշտ հպարտ զգացած ենք քեզմով, արուեստովդ եւ քու գաղափարապաշտ ու հայրենասէր ոգիովդ:

Հայրենասիրութեանդ վառ ապացոյցներէն մին եղաւ այն, որ ընտանիքիդ հետ միասին հանգրուանեցիր մայր Հայաստան, ուր, մասնագիտանալով երաժշտական բնագաւառին մէջ, քու ծառայութիւնդ բերիր` տարածելով հարազատ հայ երգն ու երաժշտութիւնը:

Ազգային-յեղափոխական մշակոյթի անխոնջ սպասարկուն էիր դուն: Սակայն չգոհացար այդքանով: Խորաթափանց նախազգացումով մը, տակաւին վերջերս ստեղծած տեսահոլովակդ գործնականացնելով, ընկերներուդ հետ շտապեցիր ռազմաճակատ:

Հաւատացիր երգած իւրաքանչիւր տողիդ եւ սիրայօժար, մահն աչքերուդ, գացիր զոհաբերութեան:

Կարելի չէ մոռնալ քու ազնիւ, ընկերասէր, կենսուրախ եւ ծառայասէր հոգիդ: Յարգանքով պէտք է յիշել ընտանիքիդ հանդէպ ունեցած սէրդ ու գուրգուրանքդ:

Սակայն մեծագոյն սէրդ հայրենիքն էր ու անոր սրբազան հողը: Այնքան նուիրուած էիր, որ Մուսա Լերան պէս կանգուն, քու աննկուն կամքովդ կամաւորագրուեցար եւ` դաշնակցականի երդումիդ հաւատարիմ մնալով, ստորագրութիւնդ դրոշմեցիր Եռագոյն դրօշին վրայ եւ մեկնեցար ռազմաճակատ:

Պահը օրհասական էր եւ թշնամին տիրացած էր բարձունքին: Պէտք էր ամէն գնով ետ վերցնել ռազմավարական այդ դիրքը: Ընկերներուդ հետ նետուեցար յառաջ, չմոռցար զիրենք ոգեւորել քու անսպառ ձայնովդ ու յեղափոխաշունչ երգերովդ եւ սլացիր բարձունքն ի վեր:

Բարձունքը ազատագրուեցաւ, բայց դաժան գնդակը, բազմաթիւ ընկերներուդ հետ, չխնայեց նաեւ քեզի: Ինկար հերոսի մահով եւ արեամբդ ոռոգեցիր Արցախի սուրբ հողը:

Այսօր քու գաղափարակից ընկերներդ սահմանագլխին են եւ կը շարունակեն հայրենիքը պաշտպանելու սրբազան գործը: Պայքարը յարատեւ է եւ մենք ետդարձի ճամբայ չունինք: Ամէն գնով պիտի պաշտպանենք բազում նահատակներու արեամբ շաղախուած Արցախի սուրբ հողը: Արեան գնով նուաճուած հողը կարելի չէ զիջիլ: Զիջիլը դաւաճանութիւն է:

Քու եւ զինակիցներուդ կատարած սխրագործութիւնը պիտի յիշուի առյաւէտ: Քու երգիդ ջինջ ձայնը անընդհատ պիտի հնչէ մեր ականջներուն մէջ:

Դուն այսօր կը մեկնիս միանալու մեր միւս ընկերներուն: Կ՛երթաս միանալու Թաթուլին, Կարօտին, Մհերին եւ Վիգէնին, որոնց անուններով երգեր երգեցիր: Դուն կ՛երթաս միանալու յատկապէս Պետոյին, որուն կողքին ցանկացած էիր հանգչիլ` զոհուելու պարագային: Վերջին ցանկութիւնդ իրականացաւ սիրելի՛ ընկեր:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքին անունով կը խոնարհինք քու եւ նահատակ միւս ընկերներուն դիմաց:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով  խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք հերոսածին մօրդ, տիկնոջդ` Ֆրիտային եւ մէկ հատիկ զաւկիդ` Թաթուլին, որ ուխտած է իր արուեստին ճամբով շարունակել կիսատ թողած գործդ:

Հայրենի բազմաչարչար հողը թեթեւ գայ վրադ: «Ննջէ հանգիստ, քանզի բարձունքը մերն է, տղերքը` չկան, տղերքն աւելի բարձրում մնացին»:

#Յաղթելուենք

 

 

Նախորդը

Գէորգ Հաճեանի Նահատակութիւնը Սխրանք` Հայրենիքի Սուրբ Բագինին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (17 Հոկտեմբեր 2020)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.