ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Չի երազում ո՛չ անուն, ո՛չ ոսկի, ո՛չ գանձ,
Հայրենիքն է իր հոգում սրբազան նախանձ,
Կռիւներ է մղում նա բոցերում անշէջ
Սխրանքները չի պատմում պահում է իր մէջ»:
(Երգ Կամաւորի, Ներսիկ Իսպիրեան)
Նահատակները կը մեռնի՞ն: Երբե՛ք: Անոնք կ՛ապրին յաւիտեան, եւ անոնցմով պատմութեան ոսկեայ էջերը կ՛արժեւորուին, կը հարստանան, միաժամանակ անոնք սերունդներու ներշնչարան կը հանդիսանան: Նահատակներու գերագոյն նպատակը` հայրենիքը գերիվեր դասելու, զանոնք կը մղէ ի հարկին ամէնէն նուիրականը` կեանքը զոհաբերելու, խօսքի եւ կարգախօսի սահմաններէն գործնականի վերածելու: Նահատակները նաեւ կտակ են մեզի եւ յաջորդող սերունդներուն` քալելու իրենց ճամբէն երբեմն խորտուբորտ, երբեմն տափարակ` հասնելու համար գերագոյն նպատակին:
Հայոց պատմութիւնը այս առումով հարուստ է հայրենիքի համար իրենց կեանքերը նուիրաբերած նահատակներու փաղանգներով: Հայ ժողովուրդը շատ սուղ գին վճարած է հայրենիքի, հայրենի հողին, հայապահպանութեան եւ քրիստոնէական կրօնի սրբազան արժէքներու պահպանման եւ գոյատեւման ի խնդիր: Կարծէք հայուն այսպիսի՛ ճակատագիր վիճակուած է` յարատեւօրէն ըմպել զոհաբերութեան դառն բաժակէն:
27 սեպտեմբեր 2020: Հերոսական Արցախէն կը լսուին պատերազմական ահաւոր լուրեր, դէպքերը հետզհետէ կը սաստկանան եւ կը վերածուին լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու: Արցախի հզօր բանակը, որուն կը միանան նաեւ հայոց բանակը, կամաւորներ` Հայաստանէն, սփիւռքէն, «Կանչում ես ինձ սարերից, Ղարաբաղ» երգին բառերուն եւ հայրենի հողին կանչին անսալով, փութացին Արցախ` պաշտպանելու հողն ու հայրենիքը արիւնարբու ազերի եւ թուրք խուժանին սադրիչ յարձակումներէն:
Այս ղօղանջը անարձագանգ չմնաց նաեւ դիւցազուն Այնճար հայաւանի ծնունդ եւ ազգասէր հայորդի Գէորգ Հաճեանին համար, որուն կեանքը արդէն ազգասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն կը բուրէր: Գէորգը կեանքին մէջ ո՛չ հարստութիւն, ո՛չ փառք, ո՛չ անուն երազեց, այլ խրատեց, գօտեպնդեց իր շրջապատը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը` համախմբուելու Հայաստանի պայծառ երկնակամարին տակ, որ նաեւ հայերուն վերջնական կայքը պէտք է ըլլայ: Այսպէ՛ս հաւատաց ան եւ իր օրինակով ուզեց վարակել բոլորը: Ան հայաբոյր ընտանիք կազմեց, հայադրոշմ մթնոլորտի մէջ ուղեւորութիւններ կազմակերպեց Հայաստան այցելող իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկի, երբեմն հասնելով մինչեւ Արաքս գետի մօտակայ ափերը: Ան իր ուղեւորութիւնները համեմեց իր դիւթեղ եւ որոտաձայն երգերով, որոնք հայորդիներուն հոգիները առինքնեցին հայրենասիրութեամբ, ազգասիրութեամբ: Բացայայտ իրականութիւն է, որ Գէորգին կեանքին իտէալը միշտ Հայաստանն ու Արցախն էր:
Իսկ եթէ պիտի խօսինք հայ մշակոյթի գանձարանին մէջ Գէորգ Հաճեանի ունեցած ներդրումին մասին, ապա բազում էջեր պիտի մրոտենք, որովհետեւ ան սոսկ աշուղական, հայրենասիրական, ազգային, յեղափոխական, հոգեւոր երաժշտութիւն չմեկնաբանեց պարզապէս յայտագիրները հարստացնելու միտումով, այլ ապրեցաւ եւ ապրեցուց հայկական երգը իր ամբողջական իմաստով: Կոմիտասը, Սայաթ Նովան, հայկական շարականները, Արցախի եւ Հայաստանի նուիրուած երգերը մատուցեց բծախնդրութեամբ, ապրումով եւ իր ձայնային կարողութեամբ գրաւեց սրտեր, փոթորկեց հոգիներ, քաջալերեց զինուորներն ու ունկնդիրները` ձեւով մը, իր իսկ հարազատներուն վկայութեամբ, իր նահատակութեան ճամբան ուրուագծեց:
Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան խորհուրդին մէջ շատ պատգամներ կան բոլորիս` Արցախէն մինչեւ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Ան կտակեց բոլորիս վերադառնալ հայրենիք, որովհետեւ եթէ «անհայրենիք եւ անտուն» դառնանք, պիտի նմանինք թափառական եւ քոչուոր ժողովուրդի մը, ցեղի մը: Այո՛, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքի գաղութները սիրալիր կերպով ընդունեցին ջարդէն վերապրողները, բայց կարծէք ժամը հնչած է մտածելու «Կանչում ես ինձ Ղարաբաղ», «Կանչում ես ինձ Հայաստան» կանչին ականջ տալու: Այո՛, այս բոլոր վեհ նպատակներուն համար նահատակուեցաւ Գէորգ Հաճեանը: Ան եղաւ հայ մշակոյթի ջահակիրը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հաւատաւոր զինուորը եւ վերջապէս ան եղաւ այն վեհ հայը, որուն ձայնը, կեանքը եւ գաղափարները սերունդներու ներշնչարան եւ օրինակ պիտի ըլլան:
Յաւերժ փա՜ռք անմահ հերոս, հայոց ազատամարտի առաքինի կամաւոր, հայ մշակոյթի երախտաւոր Գէորգ Հաճեան:
Քու անմնացորդ նահատակութիւնդ յումպէտս պիտի չըլլայ: Վստահ, որ մաքրամաքուր հոգիդ ուրախութեամբ պիտի սաւառնի Արցախի մէջ` հայութեան յաղթանակի փողի հնչումով: