Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երէկ Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը

October 8, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի ազգաբնակչութեան դէմ պարտադրուած պատերազմը երէկ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ էր: Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ժոզեփ Պորելի միջեւ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ:

Երեսփոխաններու ճնշող մեծամասնութիւնը` բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններէն, յստակօրէն եւ խիստ կերպով դատապարտեցին Թուրքիոյ դերը տագնապի սրացման մէջ, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Ելոյթ ունեցող վաթսուն երեսփոխանէ միայն հինգը իր աջակցութիւնը յայտնեց Ազրպէյճանին: Բոլոր հինգ երեսփոխանները նախապէս Ազրպէյճանի հետ սերտ կապեր ունեցած են, որոշները` նեղ անձնական շահեր: Մեծ թիւով երեսփոխաններ շեշտեցին, որ Թուրքիոյ` շրջանը ապակայունացնող քաղաքականութիւնը անընդունելի է: Անոնք խստօրէն քննադատեցին Թուրքիոյ իշխանութիւնները հայերուն դէմ կռուելու նպատակով Սուրիայէն եւ Լիպիայէն իսլամականներ ուղարկելու համար:

Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման փաստը Թուրքիոյ հասցէին յաճախակի ուղղուած քննադատութեան պատճառներէն էր: Որոշ երեսփոխաններ խստօրէն դատապարտեցին ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ արգիլուած տարանջատուող ռումբերու կիրարկումը: Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները կոչ ուղղեցին բարձր ներկայացուցիչ Պորելին արագ գործողութիւններու ձեռնարկելու: Որոշ երեսփոխաններ շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանել: Կարծիք հնչեց, որ Սպանիան պարտաւոր է դադրեցնել զինամթերքի վաճառքը Թուրքիոյ: Երեսփոխանները կոչ ուղղեցին կողմերուն դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ նստելու բանակցութիւններու  սեղանի շուրջ` առանց նախապայմաններու: Եզրափակիչ խօսքին մէջ Եւրոպական յանձնաժողովի բարձր ներկայացուցիչ Պորել նշեց, որ ինք խօսակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ. Թուրքիան կը շարունակէ իր աջակցութիւնը յայտնել Ազրպէյճանին: Ան նաեւ նշեց, որ Ազրպէյճանը բանակցութիւններու վերսկսման համար նախապայմաններ դրած է:

Մեկնաբանելով Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց. «Քանի որ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը վերջին տասը օրերուն  ընթացքին աշխուժ աշխատանք տարած է երեսփոխաններուն հետ` անոնց Ազրպէյճանի յարձակման մասին տեղեկութիւններ ներկայացնելով, մեզի համար ակնյայտ էր, որ երեսփոխանները վրդոված են, եւ այս արդիւնքը կանխատեսելի էր: Այսօր երեսփոխանները յստակ ուղերձ յղեցին Եւրոպական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Էրտողանին` դատապարտելով տագնապին մէջ Թուրքիոյ աւերիչ դերը: Բացի որոշ բացառութիւններէ` երեսփոխաններուն համար աւելի եւ աւելի ակնյայտ կը դառնայ, որ ղարաբաղեան տագնապը տարածքային տագնապ չէ, եւ որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան նոյն կործանարար քաղաքականութիւնը կը վարեն:

Կարապետեան աւելցուց. «Եւրոպական Միութիւնը պէտք է շօշափելի քայլերու դիմէ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրարկումով: Եւրոպական Միութեան որոշումները կայացնողները պէտք է գիտակցին, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը ոչ այլ ինչ է, քան իրենց պատմական հայրենիքին մէջ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան գոյութեան հարցը: Արցախի ժողովուրդը արդէն ժողովրդավարական ուղիով արտայայտած է իր կամքը` անկախութիւն յայտարարելով: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յարգէ այդ որոշումը եւ ճանչնայ անկախութիւնը: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը եւ Եւրոպայի մէջ իր յանձնախումբերը աշխուժօրէն պիտի աշխատին այդ ուղղութեամբ»:

Մինչ տեղի կ՛ունենար Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստը, Պելճիքայի եւ դրացի երկիրներու հազարաւոր հայեր եւ աջակիցներ խաղաղ ցոյց կազմակերպեցին Պրիւքսելի մէջ` Եւրոպական Միութեան հաստատութիւններուն առջեւ: Ազրպէյճանաթրքական յարձակումներուն դէմ եւ խաղաղութեան համար այս ցոյցը կազմակերպուած էր Պելքիճահայ համայնքային կոմիտէի կողմէ: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին հրաւէրով ցոյցին ներկայ եղան եւ ելոյթներով իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Փիթըր վան Տալենը (Նետերլանտներ), Ֆրանսուա Ալֆոնսին (Ֆրանսա) եւ Քոսթաս Մաւրիտեսը (Կիպրոս):

 

 

Նախորդը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Արցախի Բախումներուն Գծով

Յաջորդը

ԳՈՅԺ

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.