Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատապարտելով Արցախի Վրայ Կատարուող Հակահայ Յարձակումները. Ղասսան Շամի Անհրաժեշտ Նկատեց Խաղաղ Մնայուն Լուծման Տարազի Բանաձեւումը` Նախքան Որ Ուշ Ըլլայ

October 8, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Խաւարի կայսրութիւնը, հիւանդ մարդը կոտորեց հայութեան երկու երրորդն ու տակաւին հանգիստ չէ եւ կ՛ուզէ ամբողջացնել իր սկսած ցեղասպանութիւնը», յայտարարեց լրագրող, հաղորդավար Ղասսան Շամի` անդրադառնալով Արցախի վերանորոգ գոյամարտին:

«Վանայ ձայն»-ի արաբերէն յայտագիրի հաղորդավար Հալա Հատտատի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Շամի զարմանք յայտնեց միաժամանակ Ռուսիոյ եւ Իրանի կեցուածքներուն գծով: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կեցուածքի այս փոփոխութիւնը, ակնարկելով կազի եւ նաւթի գործօններու առթած շահագրգռութեան` նշեալ կողմերուն համար: Շամի ստախօս որակեց Թուրքիան` զայն պատասխանատու նկատելով վարձկան արմատական ժիհատականներու արցախեան սահմանագիծ փոխադրութեան:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրող-հաղորդավարը զգուշացուց, որ եթէ անմիջական խաղաղ եւ մնայուն կայունութիւն երաշխաւորող լուծում չգտնուի,  աննախընթաց ջարդեր կրնան պատահիլ: Ան շեշտեց Արցախի, ազատամիտներու եւ աշխարհասփիւռ հայերու զօրակցութեան հրամայական պահանջը` Արցախը հաստատ ջարդի պատուհասէն փրկելու համար:

Ղասսան Շամի նաեւ պատասխանատու նկատեց Իսրայէլը, որ Ազրպէյճանին զինամթերք հայթայթելով հետզհետէ կը տեղակայուի Իրանին կից:

Ան իր գրաւը դրաւ հայ ժողովուրդի պայքարի վճռակամութեան վրայ եւ բարձր գնահատեց աշխարհասփիւռ հայութեան ցուցաբերած միասնական զօրակցութիւնը` մաղթելով , որ այս մօտեցումի վարքագիծը միշտ գոյատեւէ: Այսուհանդերձ ան որոշ նկատողութիւններ կատարեց` թելադրելով Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը առաւել եւս ամրագրող պատմական,  վաւերագրական եւ մարդաբանական գրքոյկներու, տեսանիւթերու  կամ քարոզչական միջոցառումներու հրապարակումը: Ան նաեւ որոշ ուշացում նկատեց Արցախի հարցին միջազգայնացման գծով քարոզչական աշխատանքներուն գծով:

Միւս կողմէ, Շամի թելադրեց երբեք չվստահիլ թուրանական մտածողութեամբ կլանուած թուրք-ազրպէյճանցիներուն` թուրանական մտածողը նկատելով բարձի տակ թողուած օձ մը:

Նախորդը

Յաջորդը

«Ժողովուրդի Եւ Անոր Դատին Պաշտպանութեան Համար Համատարած Զօրաշարժի Մթնոլորտ Կը Տիրէ» «Ալ Արապի Ալ Ժատիտ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.