Արդէն աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր Ատրպէյճան, Անգարայի յստակ զօրակցութամբ՝ Արցախի ամբողջ երկայնքով կը յարձակի հայկական դիրքերու, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մարտակերտի եւ Հադրուտի քաղաքացիական թիրախներու վրայ, պատճառելով անմեղ զոհեր եւ հսկայական վնասներ։
Արդէն գաղտնիք չէ, որ Թուրքիա ոչ միայն ռազմական սարքեր կը տրամադրէ Ատրպէյճանին, այլ նաեւ Սուրիայէն իսլամ ծայրայեղական զինեալներ կը փոխադրէ Ատրպէյճան, անոր զինուորներուն կողքին կռուելու համար։ Երեւան նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ մօտաւորապէս 150 բարձրաստիճան թուրք զինուորականներ կը գտնուին Ատրպէյճանական բանակային խարիսխներուն մէջ։
Առաջին օրէն, մեր համայնքը ի մի եկաւ՝ նեցուկ կանգնելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն եւ մեր հերոս զինուորներուն, որոնք մեր սուրբ հայրենիքը պաշտպանելով՝ նաեւ պահապանը կը դառնան հայ ազգին։ Անոնց քաջութիւնը եւ անանձնական նուիրումը մեզի ամէն օր աւելիով կը մօտեցնեն յաղթանակին։ Յաղթանակը մե՛րն է եւ մենք պիտի՛ յաղթենք։
Մեր համայնքը իր ձայնն ու բռունցքները բարձրացուց՝ դատապարտելով բարբարոսութիւնները թրքական եւ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն, որոնք կը փորձեն պատերազմով լուծել Արցախի տագնապը, պատճառելով մեծաթիւ մարդկային զոհեր եւ վտանգելով տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու եւ շրջանին կայութիւնը ամրապնդելու ջանքերը։
Արդէն իսկ Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Հիւսթընի, Սիէթըլի, Ֆինիքսի, Լաս Վեկասի եւ այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, ներառեալ՝ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ հսկայ ցոյցը, որ ՀԵԴի կողմէ կազմակերպուած էր։
Ժամանակն է, որ միանալով՝ մեր հաւաքական ձայնը աւելի ազդու դարձնենք։ Կոչ կ՛ընենք մեր համայնքի անդամներուն, որ մասնակցին բոլոր ցոյցերուն եւ իբրեւ միասնական ճակատ՝ դէմ կանքնին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արիւնարբու կառավարութիւններուն։
Կիրակի, 11 Հոկտեմբերին, «Յաղթանակի քայլարշաւ» բնաբանով բողոքի հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ, կ.ե. ժամը 3էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի «Փեն Փըսիֆիք» զբօսավայրին մէջ, ուրկէ ցուցարարները պիտի քալեն դէպի թրքական հիւպատոսարան՝ Ուիլշըր եւ Լա Սիյէնեկա թաղերուն խամերուկին։ Հոն, միասնական մեր ձայնը պիտի բարձրացնենք, դատապարտելու համար հայութիւնը բնաջնջելու Անգարայի համակարգուած արշաւը, որ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեամբ սկսած էր։
Այսօր, Հայաստան եւ Արցախ մեր նեցուկին կարիքը ունին։ Բանանք մեր դրամապանակները եւ առատաձեռնօրէն նուիրատուութիւններ կատարենք Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին, որ արդէն իսկ առաւել քան 30 միլիոն տոլար հաւաքած է այս նպատակին համար։ Աւելիին կարիքը կայ։ Եկէք շռայլօրէն զօրակցինք։
Նիւթական աջակցութեան կողքին, Հայաստան եւ Արցախ դեղօրայքի, բժշկական սարքերու եւ շտապ օգնութեան անհրաժեշտ իրերու կարիքը ունին։ ՀՕՄը արդէն իսկ Հայաստանի Համահայկական հիմնադրամին հետ մօտէն կը գործակցի, նման օժանդակութիւններ Հայաստան առաքելու նպատակով։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի անոր մասնաճիւղը արդէն իսկ կապի մէջ են դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական իշխանութիւններուն հետ, պահանջերլով անոնցմէ, որ յստակօրէն դատապարտեն Ատրպէյճանի բռնարարքները եւ Թուրքիոյ միջամտութիւնը։ Արդէն իսկ քոնկրեսական բանաձեւ մը ներկայացուած է՝ դատապարտելու համար Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումը եւ Պաքուի ցուցաբերուող Անգարայի աջակցութիւնը։
Նաեւ, Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան բարձրաստիճան անդամներ կոչեր կը կատարեն Սպիտակ տան, որ դադրեցնէ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները եւ խիստ պատժամիջոնցեր պարտադրէ Թուրքիոյ դէմ։
Այս նպատակով, Ուաշինկթընի վրայ ճնշումին ուռճացումը կենսական է, որուն համար գործնականապէս մասնակից դարձէք երկրին քաղաքական ղեկավարութեան նամակներ գրելու կամ հեռաձայնային պատգամներ փոխանցելու Հայ Դատի կոչերուն։
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ասիկա անյետաձգելի կոչ մըն է բոլորիս, ի մի գալու եւ միասնաբար դէմ դնելու մեր թշնամիներուն։ Մինչ մեր զինուորները ծայրայեղ դժուար պայմաններու դէմ կը մարտնչին՝ մեր ազգը պաշտպանելու համար, եկէք միանաք մեր հայրենիքը պաշտպանելու պայքարին։
Կեցցէ՛ Հայաստանը
Կեցցէ՛ Արցախը
Կեցցէ՛ Հայ Ազգը
ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵՆՔ
Յաղթանակը մերն է։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ