Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամփոփագիր Հայ Դատի Գրասենեակներու Եւ Յանձնախումբերու Կողմէ Կատարուած Աշխատանքներու (4-6 Հոկտեմբեր 2020)

Հոկտեմբեր 7, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատա

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ հասնիլ անոր, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը որոշեց կասեցնել քանատական արտադրութեան ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտահանումը Թուրքիա: Խնդիրի նախապատմութիւնը սկսաւ այն ժամանակ, երբ Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն միջոցով քանատական հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն մէջ սկսաւ աշխուժօրէն քննարկուիլ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուող թրքական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ քանատական արտադրութեան որոշ սարքերու առկայութիւնը: Սկսած հետաքննութեան հետեւանքով քանատական կառավարութիւնը ամբողջութեամբ բաւարարեց հայկական կողմին պահանջը:

Յանձնախումբէն նաեւ կը տեղեկանանք, որ կը շարունակուին հասարակական-քաղաքական ազդեցիկ գործիչներու կողմէ Արցախի նկատմամբ շղթայազերծուած յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւնները: Մասնաւորապէս, քանատական Օնթարիօ նահանգի ազատական կուսակցութեան առաջնորդ Սթիվըն Տել Տուկան յայտարարած է. «Լեռնային Ղարաբաղը բնակեցուած է եւ կը ղեկավարուի հայերուն կողմէ, բայց Ազրպէյճանը կը պատերազմի անոնց դէմ: Այս տագնապին մէջ ես կանգնած եմ հայ ժողովուրդի կողքին եւ կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային հանրութեան միջամտել եւ կանխել հետագայ զոհերը»:

Առանձին յայտարարութիւն տարածած է Քեպեքի պաշտօնական ընդդիմութիւնը: Վերջինս համերաշխութիւն յայտնած է Քեպեքի հայ համայնքին եւ դատապարտած բռնութիւնը: Յայտարարութեան հեղինակները նկատած են. «Մեկնելով Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ ըլլալու հանգամանքէն, ինչպէս Հայաստանը, Քեպեքը պէտք է արձագանգէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններուն, որոնք վերսկսած են 27 սեպտեմբերին եւ յանգեցուցած մահուան հարիւրաւոր դէպքերու, ներառեալ խաղաղ բնակիչները»:

Եւրոպա

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Լուքաս Ֆուրլասի նախաձեռնութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանի 48 անդամներ նամակ  յղած են Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելին ` կոչ ուղղելով գործողութիւններու ձեռնարկելու Արցախի մէջ ազրպէյճանական յարձակումներուն դէմ եւ օգնելու Հայաստանին լուծելու ղարաբաղեան տագնապը:

«Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ բնակչութեան, ներառեալ մայրաքաղաք Ստեփանակերտին վրայ հրթիռային եւ օդային յարձակումները, ստիպած են խաղաղ բնակիչները թաքնուիլ ապաստարաններու մէջ: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք ձեզի, գերագոյն ներկայացուցիչ Պորել, ճնշում գործադրելու` կասեցնելու Թուրքիոյ կողմէ որեւէ միջամտութիւն, որ փաստօրէն կ՛ապակայունացնէ դրացի այլ տարածաշրջան մը` Հարաւային Կովկասը»:

Միացեալ Նահանգներ

Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութիւնը` ի դէմս ընդհանուր քարտուղար Լուիս Ալմակրոյի, տակաւին 27 սեպտեմբերէն  յայտարարութիւն տարածած էր, որուն մէջ խստօրէն դատապարտած էր Արցախի վրայ ազրպէյճանաթրքական յարձակումը, իսլամական ծայրայեղականներու ներառումը մարտական գործողութիւններուն եւ բանակցային գործընթացին մէջ Թուրքիոյ ապակառուցողական մասնակցութեան փորձերը: Անոր պիտի հետեւէր Միացեալ Նահանգներու եւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան մէջ Ազրպէյճանի դեսպանի բողոքը, որուն իբրեւ պատասխան Լ. Ալմաքրոն երկրորդ անգամ ստիպուած եղած է  վերահաստատել կազմակերպութեան դիրքորոշումը եւ շեշտել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի լիակատար իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ աշխուժ աշխատանքներ տանիլ. որպէսզի ընդունուին համապատասխան բանաձեւեր, որոնք գործնական հետեւանքներ կ՛ունենան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ` սկսած ռազմական օժանդակութեան դադրեցումէն մինչեւ պատժամիջոցներու կիրարկում:

Աւստրալիա

Մարդու իրաւունքներու աւստրալիացի յայտնի պաշտպան, Լոնտոնի մէջ տեղակայուած «Տոթի Սթրիթ Չէյմպըրզ» ընկերութեան ղեկավար Ճեֆրի Ռոպըրթսընը աւստրալիական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է աջակցելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման: Ռոպըրթսընը համակողմանիօրէն ներկայացուցած է խնդիրի էութիւնը, Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ ազրպէյճանական բռնապետական վարչակազմին կողմէ սանձազերծուած պատերազմն ու անոր ընթացքին խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կիրարկուող զանգուածային խոցման զէնքերու վերաբերեալ փաստերը:

Հայ դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը շարունակած են աշխատանքներ իրականացնել նաեւ քարոզչական, լրատուական դաշտերուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Բողոքի Նամակ Աւստրիոյ Վարչապետին

Յաջորդը

Արցախի Եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան Մասնակցելու Կոչ

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?