Կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2020-էն մինչեւ օրս Արցախը նոր սպառնալիքի դէմ յանդիման կանգնած է, որովհետեւ ազրպէյճանական բանակը` խախտելով զինադադարի ամէն համաձայնութիւն եւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամին պատճառով զինեալ գործողութիւններէ խուսափելի ամէն տեսակի միջազգային կոչ, դիմեց յարձակումներու` արցախեան-ազրպէյճանական ռազմագօտիին մէջ: Այս յարձակումներուն հիմնական նպատակն է կազմել մէկ ընդհանուր պետութիւն` Թուրքիայէն մինչեւ Ազրպէյճան, սակայն աշխարհագրական գետնի վրայ Հայաստան արգելք կը հանդիսանայ անոնց` իրագործելու իրենց նպատակը:
Թուրքիան, որ ժառանգորդն է 1915-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած Օսմանեան կայսրութեան, այսօր` ազրպէյճանական ռազմական յարձակման ուղղակի թիկունք կանգնելով, կը վերահաստատէ, որ 105 տարիներ ետք տակաւին ցեղասպանութեան վտանգները կրնան առկայ ըլլալ: Այսօր Արցախի բնակչութիւնը կանգնած է նման վտանգներու դէմ յանդիման` տեղահանութիւն, սպանութիւն եւ բռնարարքներ:
Բայց եւ այնպէս այսօր պատկերը տարբեր է, 105 տարի առաջ հայութիւնը չունէր այն բանակը, զոր այսօր ունին հայկական զոյգ հանրապետութիւնները` Հայաստանն ու Արցախը: 10 օրերէ ի վեր ազրպէյճանական կողմին սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն դիմաց թումբ կանգնած են հայկական զինուած ուժերը, որոնք մինչեւ օրս ցուցաբերեցին խիզախութիւն, մարտունակութիւն եւ բարձր կորով` ընդդէմ թշնամիին վայրագութեան: Այսօր «Ազգ-բանակ» կարգախօսը արդէն դարձած է շօշափելի իրականութիւն: Միասնական հայութիւնը կողքին է Արցախին, արցախցիին եւ իւրաքանչիւր զինուորի. ոմանք ուղղուեցան պատերազմի դաշտ, ուրիշներ իրենց տարբեր ծառայութիւններով բանակին կողքին կը կանգնին, իսկ համայն աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը իր բողոքի ցոյցերով, ազրպէյճանական-թրքական նկրտումները լուսարձակի տակ առնելու տարաբնոյթ աշխատանքով, ընկերային ցանցերու մէջ լուսաբանութիւններ տալու եւ այս հարցը լուսարձակի տակ բերելու արշաւով դարձած է Հայաստանի եւ Արցախի զինուած ուժերու ամուր ողնասիւնը:
Թշնամիի յարձակման առաջին օրէն մինչեւ հիմա անոր ունեցած մարդկային ու նիւթական կորուստները կու գան փաստելու, որ ան բաւական մեծ ներուժ ի գործ դրած է գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ կը հաստատեն, որ հայկական զինուած ուժերը ատակ են հարկ եղած դիմադրողականութիւնը ցուցաբերելու եւ ուժգին հարուած հասցնելու` կասեցնելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ծրագիրները: Բայց այս բոլորին կողքին կայ նաեւ այն, որ երբ Թուրքիա Ազրպէյճանին իր աջակցութիւնը յայտարարեց` միջազգայնօրէն հարցականի տակ դրուեցաւ նաեւ Թուրքիան ի՛նք: Այս բոլորը կը նշանակեն, թէ Արցախի յաղթանակի պարագային, անոր անկախութիւնը միջազգայնօրէն պիտի ճանչցուի, եւ հայութիւնը միասնակամ շարքերով անպայման պիտի յաղթէ:
ՀՅԴ-ԼԵՄ-Ի «ՌԱԶՄԻԿ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ