Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունի Սիրտի միջազգային օր մը, ինչպէս գոյութիւն ունին ուրիշ երեւոյթներու յատկացուած միջազգային օրեր, ինչպէս` Փոքրիկներու միջազգային օրը, Մարդկային իրաւանց միջազգային օրը, Գիրքի միջազգային օրը, Երաժշտութեան միջազգային օրը…
Միջազգային այս օրերը առիթներ են ամբողջ աշխարհը հետաքրքրող նիւթ մը լուսարձակի տակ առնելու, խօսելու անոր մասին, մտածելու, կազմակերպելու ձեռնարկներ, աշխատելու բարելաւումներու եւ լուծումներու վրայ:
Այս ձեւով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 29 սեպտեմբերը հռչակած է Սիրտի միջազգային օր: Ասիկա առիթ մըն է մեզի աւելի մօտէն ճանչնալու մեր մարմինին այս կարեւոր գործարանը:
***
Սիրտը մկաններու ամբողջութիւն մըն է: Անոր կծկումները առիթ կու տան քաշելու արիւնը եւ զայն շրջելու մարմինին մէջ: Այս ձեւով սիրտը կը քաշէ իր թթուածինէն պարպուած արիւնը եւ զայն դէպի թոքեր կ՛ուղարկէ, որպէսզի անիկա դարձեալ լեցուի թթուածինով: Ապա, արիւնը դարձեալ կ՛երթայ դէպի սիրտ` հոնկէ դարձեալ դէպի մարմին ուղարկուելու համար: Սիրտին կծկումները տրոփումներն են:
Սկիզբէն
Մարդկային սիրտը կը սկսի կազմուիլ մարմինին կազմուելուն 16-րդ օրը: Մօտաւորապէս մէկ շաբաթ ետք առաջին տրոփումները կը սկսին: Անշուշտ այս փուլին մարմինը տակաւին ամբողջովին կազմուած չէ:
Փոքրերու Սիրտին Արագ Տրոփումները
Բազկերակը քննելու ժամանակ մենք կը հաշուենք, թէ սիրտը քանի՛ անգամ կը զարնէ մէկ վայրկեանի մէջ: Մենք բազկերակը կրնանք զգալ տարբեր կէտերու վրայ` դաստակին վրայ, վիզին ձախ կողմը յատուկ կէտի մը վրայ…
Որքան մարդ մը տարիքով փոքր է, այնքան անոր սիրտին զարկերուն կշռոյթը արագ կ՛ըլլայ: Մենք կ՛անդրադառնանք, թէ շատ մեծ տարբերութիւն կայ նորածինի մը, երեխայի մը եւ չափահասի մը բազկերակին կշռոյթին միջեւ:
Առողջ չափահասի մը սիրտը կը զարնէ վայրկեանին մէջ 60-80 անգամ: Մինչ նորածինինը 130-140 է- իսկ երեխայինը` 90-110:
Սակայն ճիգ թափելու պարագային սրտին զարկերը կ՛արագանան:
Բազմաթիւ Թշնամիներ
Սիրտը ունի բազմաթիւ թշնամիներ, որոնք զայն վտանգի տակ կը դնեն: Մեր սիրտը եւ երակները վնասող հիւանդութիւններու պատճառներէն են նաեւ առօրեայ ապրելակերպի մօտեցումները, շատ աղի կամ շատ շաքարոտ ուտելիքները, շատ իւղոտ ուտելիքներ ուտելը, ծխախոտը, ոգելից ըմպելիները, սթրեսը, անշարժութիւնը…
Այս հիւանդութիւններուն դէմ պայքարելու ամէնէն լաւ միջոցներն են շարժիլը եւ հաւասարակշռուած, սննդարար կերպով ուտելը:
Քանի Մը Թիւեր
– Չափահաս մը իր մարմինին մէջ ունի մօտաւորապէս 5 լիթր արիւն:
– Մէկ միլիլիթր արիւնը կը պարունակէ 5 միլիառ կարմիր գնդիկներ, 300 միլիոն փլաքեթներ եւ 5 միլիոն ճերմակ գնդիկներ:
– Չափահաս տարիքին մարդու մը սիրտը 17 անգամ աւելի մեծ կ՛ըլլայ, քան ինչ որ էր անոր ծննդեան ժամանակ:
Հետաքրքրական
Առաջին Առեւտրական Կայքը
Ֆութպոլի Մասին
13 տարեկան անգլիացի աշակերտ մըն է, որ գտած է առաջին առեւտրական կայքը ֆութպոլի մասին: Այս ձեւով, Թոմ Հատֆիլտ առաջին անգամ համացանցը գործածեց 1994 թուականին, երբ տակաւին համացանցը կայքերով չէր խճողուած:
Ան անդրադարձած էր, թէ աշխարհի շուրջ մեծ թիւով մարդիկ կ՛ուզէին տեղեկանալ ֆութպոլի կարեւոր խաղերու արդիւնքներուն մասին: Հետեւաբար, յաջորդ տարին ան կը ստեղծէ Սոքքըրնեթ կայքէջը:
1999 թուականին, երբ Թոմ 17 տարեկան էր, ան Սոքքըրնեթը կը ծախէ «Ի.Էս.Փի.Էն.» մարզական պատկերասփիւռի ընկերութեան 26,5 միլիոն անգլիական փաունտի (մօտաւորապէս 32 միլիոն տոլար):
Անհաւատալի, Բայց Իրաւ
– Երբ մենք կը փռնգտանք, խլինքի մանր մանրէներով լեցուն միլիոնաւոր մասնիկներ մեր քիթէն դուրս կ՛արձակուին մօտաւորապէս ժամական 65 քմ արագութեամբ, եւ անոնք կրնան սփռուիլ մեր շուրջը` մինչեւ մօտաւորապէս մէկ մեթր: Հետեւաբար, շատ կարեւոր է, մանաւանդ այս օրերուն, որ երբ փռնգտանք, մեր քիթն ու բերանը գոցենք:
– Երկար հեռաւորութիւններու լողի սլովաքիացի մարզիկ Մարթին Սթիել եղած է առաջին լողորդը, որ կրցած է կտրել Ամազոն գետին ամբողջ 5268 քմ. երկայնքը` 2007 թուականին: Այս գետին մէջ կ՛ապրին տեսակաւոր վտանգաւոր անասուններ, ինչպէս սուր ակռաներով մսակեր փիրանա ձուկերը, մեծ կոկորդիլոսներ, հսկայական եւ մահացու անաքոնտա օձեր եւ ելեկտրականութիւն արձակող օձաձուկեր:
– Մարդ արարածը մաս կը կազմէ մեր երկրագունդին վրայ մարդոց կողմէ ճանչցուած եւ արձանագրուած 1,3 միլիոն կենդանի էակներու տեսակներուն: Ամէն տարի մօտաւորապէս 15 հազար նոր տեսակներ կը յայտնաբերուին, ոչ մէկը գիտէ, թէ տակաւին որքան կենդանի էակներու արտասովոր եւ սքանչելի տեսակներ կը պահէ մեր մոլորակը:
– Ամէն տարի մօտաւորապէս մէկ միլիոն երկրաշարժեր տեղի կ՛ունենան: Սակայն անոնց մեծ մասը այնքան թեթեւ են, որ մարդիկ նոյնիսկ չեն զգար:
– Ալեքսէյ Լէոնով եղած է առաջին անձը, որ քալած է անջրպետին մէջ` 18 մարտ 1965-ին: Ան անջրպետանաւէն դուրս մնացած է աւելի քան 12 վայրկեան` յատուկ պարանով մը անոր կապուած:
– Մանրէները մեր մոլորակին վրայի ամէնէն տոկուն կենդանի էակներն են: Այս միաբջիջ մարմինները կրնան տարբեր ձեւեր ունենալ: Կարգ մը մանրէներ կրնան մշտական ձեւով ապրիլ սառած գետնին մէջ, մինչ ուրիշներ կ՛աճին ծովային շրջաններու ճեղքերու մէջ, ուրկէ կը ժայթքին երկրագունդին խորերէն եկող չափազանց տաք ջուրեր:
– Աննա Փեփփըր ծնած է Լիվըրփուլի մէջ, 18 ապրիլ 1882-ին: Ծնողքը անոր տուած է 26 անուններ, իւրաքանչիւրը սկսելով լատիներէն այբուբենի 26 տառերէն: Այս ձեւով, անոր լման անունն էր Աննա Պերթա Սէսիլիա Տիանա Էմիլի Ֆենի Հըրթրուտ Հայփաթիա Ինեզ Ճեն Քէյթ Լուիզա Մոոտ Նորա Օֆիլիա Փրուտընս Քուինս Ռեպեքա Սթարքի Թերեզա Իւլիսիս Վինըս Ուինֆրիտ Քսենոֆոն Եէթթի Զըուս Փիփփըր:
– Գիտէի՞ր, թէ Անթարքթիքան անապատ մըն է, Ան այսպէս կը դասուի, որովհետեւ հոն հազուագիւտօրէն կ՛անձրեւէ: Անթարքթիքայի Չոր հովիտներու շրջանին մէջ չէ անձրեւած միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր:
– Փափուա Նիւ Կինէայի մէջ կը խօսուին 820 տարբեր լեզուներ` իբրեւ մայրենի լեզու, մինչ երկրին բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 3-5 միլիոն է:
Ժամանց



