Ֆրանսայի ծերակոյտի Իրաւական հարցերով յանձնախումբը երէկ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական նկատեց: Սակայն ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակէն «Ազդակ»-ին յայտնեցին, որ այդ որոշումը 23 յունուարին ծերակոյտի լիագումար նիստի ընթացքին օրինագիծի քննարկման եւ յաջողութեան վրայ որեւէ բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ, որովհետեւ ծերակոյտի անդամներուն մեծ մասը օրինագիծի որդեգրման կը զօրակցի:
ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան «Երկիր Մետիա»-ին յայտնած է, որ «Իրաւական հարցերով յանձնախումբը բաղկացած է 49 հոգիէ` նախագահողին հետ միասին: Եւ պատկերը այն է, որ այս քուէարկութեան ընթացքին 23-ը դէմ, 9-ը թեր եւ 8-ը ձեռնպահ մնացին: Յանձնախումբի որոշումը այն էր, որ օրէնքը հակասահմանադրական էր` ծերակոյտին հասնելէն առաջ:
«Կարգը հետեւեալն է, եթէ այսօր այս յանձնախումբը օրինագիծը հակասահմանադրական չնկատէր, յառաջիկայ երկուշաբթի օր ընդհանուր նիստին ընթացքին քննարկում տեղի պիտի չունենար եւ ծերակոյտը ուղղակի քուէարկութեան պիտի անցնէր: Այսօրուան որոշումը կը նշանակէ, որ երկուշաբթի օրուան լիագումար նիստին ընթացքին քննարկումը դարձեալ պիտի ըլլայ ծայրէ ծայր, ապա ծերակոյտը պիտի անցնի քուէարկութեան:
«Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, կ՛ակնկալէինք, որ յանձնախումբը այսպիսի որոշումով դուրս գայ, որովհետեւ կարգը այսպէս է: Սակայն երկուշաբթի օրուան նիստին այս մէկը ցնցող նշանակութիւն չունի, որովհետեւ ծերակոյտին մէջ պէտք է քուէարկեն, եւ մեծամասնութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ այսօրուան` այս յանձնախումբի որոշումին հակառակ պիտի քուէարկեն»:


