
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարած է, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Թեհրանի եւ «5+1»-ի (Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Ռուսիա, Չինաստան + Գերմանիա) միջեւ բանակցութիւնները ամենայն հաւանականութեամբ տեղի պիտի ունենան Պոլսոյ մէջ:
«Բանակցութիւններու վերսկսման թուականը որոշուած չէ, սակայն ես յոյս ունիմ, որ անոնք տեղի պիտի ունենան մօտ օրէն», ըսած է աշխատանքային այցելութեամբ Անգարա գտնուող Սալեհի:
Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը կը պնդեն, որ Իրանի իւրանիոմի հարստացման ծրագիրին նպատակը հիւլէական զէնք ստեղծելն է, իսկ Թեհրան կը հերքէ այդ մեղադրանքները` ըսելով, որ իւրանիոմի հարստացման իր ծրագիրը խաղաղ նպատակ կը հետապնդէ:
Օրեր առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Նիւ Եորքի մէջ Իրանի հիւլէական թղթածրարին նուիրուած արտակարգ խորհրդակցութիւններ կատարած էր: Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած ժողովին մասնակիցները Թեհրանին կոչ ուղղած են անյապաղ դադրեցնելու իւրանիոմի հարստացումը եւ վերսկսելու Իրանի հիւլէական խնդիրով «5+1»-ի հետ բանակցութիւնները:
Խորհրդակցութիւնները հրաւիրուած էին այն բանէն ետք, երբ մամուլին մէջ տեղեկութիւն տարածուեցաւ, թէ պաշտօնական Թեհրան Քում քաղաքին մօտ գտնուող կառոյցին մէջ իւրանիոմի հարստացման ուղղութեամբ աշխատանքներու կը սկսի:


