Վերջին քանի մը օրերուն Արցախի ու նաեւ Հայաստանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները մեզ մղեցին, որ իբրեւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող հայ դաստիարակներ եւ առ ի երախտագիտութիւն այն նուիրատուութեան, զոր դուք կատարեցիք ձեր փամփուշտին գինը նուիրելով լիբանանահայ դպրոցին` զայն կանգուն պահելու համար սփիւռքի մէջ, խոնարհաբար մասնակցինք հայրենապաշտպանութեան գործին` Արցախի բանակին նուիրելով այս աննշան գումարը` 6.650.000 լ. ո.: Այս գումարին իր մասնակցութիւնը բերած է ուսուցչուհի մը` նուիրելով իր ամբողջ ամսականը` 2.500.000 լ. ո.:
Աստուած ձեզ պահապան:
Թող մի՛շտ կանգուն մնայ Արցախն ու Հայաստանը: