Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը բարի վերամուտ կը մաղթէ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին եւ բոլորին:
2020-2021 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 28 սեպտեմբերին, ներկայիս ամբողջութեամբ առցանց դրութեամբ: Պատշաճելով օրուան կացութեան, յաջորդող օրերուն, հանգրուանային ձեւով, Ճեմարանի բոլոր աշակերտները մինչեւ 19 հոկտեմբեր կը սկսին նոր տարեշրջանին:
Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամային այս օրերուն, Ճեմարանը արդէն երեք ամիսներէ ի վեր նախաձեռնած էր առցանց նուիրահաւաքի, որմէ գոյացած գումարին 83.866 ամերիկեան տոլարն ու 52.765.750 լ. ո.-ն յատկացուած են Ճեմարանի սաներու ֆոնտին, ինչպէս նաեւ` անցնող տարեշրջանի կրթաթոշակներուն ընդհանուր զեղչին: Այս ծիրին մէջ, այս վերամուտին եւս, Ճեմարանի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կը շարունակէ իր ծաւալուն գործունէութիւնը, ինչպէս միշտ, իւրաքանչիւր տարեշրջանի զանազան ձեւի նպաստներով օգտակար հանդիսանալով գրասենեակ ներկայացող ծնողներուն, տարեկան շուրջ 900.000.000 լ. ո.-ի զեղչեր տրամադրելով Ճեմարանի սաներուն. 2019-2020 տնտեսական դժուար պայմաններուն, գրասենեակին կատարած զեղչերուն գումարը հասած էր 1.300.000.000 լ. ո.-ի:
Այս վերամուտին, ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ՀՕՄ-ի կատարած 25.000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութեամբ, Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի 2020-2021 տարեշրջանի կրթաթոշակները կը զեղչուին 50 առ հարիւրով:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ճեմարանին նեցուկ կանգնող մեր բոլոր ծնողներուն, բարեկամներուն եւ ճեմարանականներուն` վստահեցնելով, որ հաւաքական ճիգերով յառաջիկայ օրերուն պիտի կարենանք աւելի եւս թեթեւցնել մեր ծնողներուն բեռը:
Յաջողութիւն բոլորին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ