Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցութիւն Յայտնեց Քուէյթի Իշխան Շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի Մահուան Առիթով

Հոկտեմբեր 1, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուէյթի երկար տարիներու ղեկավար շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի մահուան առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանգուցեալի ընտանիքին եւ Քուէյթի վարչապետին ուղղած ցաւակցական նամակով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անձնապէս, իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնեց:

Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը յիշեց շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահին ունեցած կարեւոր դերը իբրեւ արտաքին գործոց նախարար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն`

կողմերը հաշտեցնելու եւ լիբանանեան համակեցութիւնը ամուր պահելու գծով: Վեհափառ հայրապետը շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահը նկատեց իբրեւ արաբական դատին ջերմ պաշտպանը, ինչպէս նաեւ ազգերու ու կրօններու երկխօսութեան ու գործակցութեան ջատագովը: Իր իշխանութեան օրով Քուէյթը նոր զարգացումներ արձանագրեց ներքին տնտեսական, մշակութային ու կրթական բնագաւառներէն ներս:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահին հայրական վերաբերմունքին` Քուէյթի հայ համայնքին նկատմամբ: Ան ըսաւ, թէ իրեն հետ ունեցած մեր հանդիպման ընթացքին այնքան դրական կերպով արտայայտուեցաւ հայ համայնքին մասին` կարգ մը խնդիրներուն ու ծրագիրներուն գծով անմիջական եւ օգտաշատ լուծումներ տալով:

Վեհափառ հայրապետը իր նամակը եզրակացուց ըսելով, թէ շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահը ո՛չ միայն Քուէյթի, այլ նաեւ արաբական աշխարհին մէջ պիտի մնայ եզակի ղեկավար` իր ազնուութեամբ, իմաստութեամբ ու դիւանագիտութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Տնօրէնութիւն, Ուսուցչական Կազմ Եւ Պաշտօնէութիւն Նուիրատուութիւն` Արցախի Բանակին

Յաջորդը

Գերմանիան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լոյսին Տակ Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Օգտագործելու Անդրկովկասի Մէջ Ունեցած Իրենց «Յատուկ» Ազդեցութիւնը

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?