Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի միջազգային հանրութեան միանշանակ եւ անվերապահ աջակցութիւնը այն հարցին մէջ, որ պէտք է անյապաղ դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները եւ դատապարտել ուժի կիրարկման որեւէ դրսեւորում: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին 28 սեպտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
«Մենք ունինք միջազգային հանրութեան միանշանակ, անվերապահ աջակցութիւնը, որ կը դատապարտէ ուժի կիրարկումը եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան ու անվտանգութեան խաթարման ուղղուած ջանքերը: Բախելով միջազգային հանրութեան այդ դիրքորոշումին` Պաքուն սկսաւ դիմել իր աւանդական գործիքակազմին` կեղծ լուրեր տարածելով, թէ հայկական կողմը բախումի առաջին նախաձեռնողն է», ըսաւ Նաղդալեան:
Նաղդալեան աւելցուց, որ առաջին անգամը չէ, երբ Պաքուն նման քայլի կը դիմէ, սակայն Հայաստանը ունի փաստական տուեալներ, որ Ազրպէյճանը սկսած է ռազմական գործողութիւնները:
«Մենք ունինք փաստական, անհերքելի տուեալներ, թէ ո՛ր կողմը սկսած է մարտական գործողութիւնները: Տարիներ շարունակ խախտելով եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրները, որոնցմով հաստատուած է զինադադարը ու հրաժարելով զինադադարի խախտման հետախուզման մեքանիզմներու ներդրումներէն, Ազրպէյճան ցոյց տուած է, որ միշտ ունեցած է պատերազմ սկսելու ծրագիրներ», նշեց Աննա Նաղդալեան:
Նաղդալեան նշեց, որ այս անգամ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը ունի երկու առանձնայատկութիւն:
«Առաջին առանձնայատկութիւնը այն է, որ Ազրպէյճանի նախագահին մակարդակով հրապարակաւ հրաժարում կատարուած է խաղաղ գործընթացէն, մտադրուած է խնդիրը լուծել ռազմական ճամբով: Երկրորդ առանձնայատկութիւնը այն է, որ այս անգամ մենք կ՛առնչուինք Ազրպէյճանին ցուցաբերուող Թուրքիոյ քաղաքական եւ ռազմական ուղղակի աջակցութեան: Անիկա կը դրսեւորուի տեղւոյն վրայ թրքական ռազմական ներկայութեամբ: Այս անգամ Արցախի ժողովուրդը կը պայքարի թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին դէմ: Արցախի եւ Հայաստանի կարողութիւնները եւ վճռականութիւնը` հակադարձել այս դաշինքին, աներեր են», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը:
Աննա Նաղդալեան աւելցուց, որ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութիւնը կ՛աշխատի արտակարգ դրութեամբ, իսկ նախարար Զոհրապ Մնացականեան մշտական կապի մէջ է զանազան երկիրներու իր գործընկերներուն հետ: