Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Բոլորս Նոյն Ձայնը Չունինք

Սեպտեմբեր 26, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք այս շաբաթ սկսանք լսել աշխարհի չորս կողմի հայերուն եւ յատկապէս լիբանանահայութեան նուիրուած նոր սքանչելի երգ մը: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած այս երգը հիմնուած է Մուշեղ Իշխանի «Հայ հոգին» բանաստեղծութեան վրայ: Անոր պատրաստութեան մասնակցած են 17 երկիրներէ 27 արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ: Եւ երբ մենք ունկնդրենք այդ տարբեր երգիչ-երգչուհիներուն տաղանդաւոր ձայները, պիտի անդրադառնանք, թէ անոնք որքա՛ն ճոխ եւ տարբեր են իրարմէ:

 

***

Ուրկէ՞ կու գան ձայնի այս տարբերութիւնները

Մենք կրնանք ձայներ հանել շնորհիւ մեր ձայնալարերուն: Անոնք զետեղուած են մեր կոկորդին վերի բաժինին` խռչափողին մէջ: Անոնք կը բանին օդային երաժշտական գործիքի մը նման. անոնք կը թրթռան, երբ օդը կ՛անցնի դէպի թոքերը: Այս թրթռացումը ձայն մը կը յառաջացնէ: Հետեւաբար, մենք շունչը դուրս արձակելով է, որ ձայները կ՛արտադրենք: Մինչ երաժշտական գործիքներու պարագային մեր դուրս հանած շունչն է, որ անցնելով գործիքին մէջէն գործիքին լարերը թրթռացնելով եղանակները կ՛արտադրէ:

***

Ձայնային լարերը յարմար անուն մը չէ այդ գործարանը նշելու համար, որովհետեւ անոնք բնաւ լարերու չեն նմանիր: Անոնք աւելի կը նմանին շրթունքներու: Անոնց արտադրած ձայները կը ճոխացուին եւ փոխուին մեր կոկորդին, քիթին, բերանին կողմէ, անոնք հնչեցնող խոռոչներն են:

***

Ինչո՞ւ Բոլորս Նոյն Ձայնը Չունինք

Պարզապէս որովհետեւ բոլորս իրարմէ տարբեր ենք, իսկ իւրաքանչիւրս` իւրայատուկ: Ո՛չ մէկը ունի ճիշդ ուրիշի նման մարմին մը: Հետեւաբար, մեր ձայնային լարերը եւ հնչեցնող խռռոչներն ալ կը տարբերին անձէ անձ: Այս պատճառով է, որ մեր ձայներն ալ իւրայատուկ են:

Ասոր կողքին, մեր անձնական ձայնը մեզի տարբեր կը թուի եւ նոյնիսկ երբեմն տհաճ, շատ սուր, երբ մենք մեր ձայնը կը լսենք արձանագրութեան մը ընդմէջէն: Ասիկա կը պատահի, որովհետեւ մենք մեր ձայնը կը լսենք երկու տարբեր աղբիւրներէ: Գոյութիւն ունի օդային աղբիւրը. մեր արտադրած ձայները օդին մէջ կը սփռուին եւ կը հասնին մինչեւ մեր ականջի թմբուկները: Այս ձեւով է, որ մենք կը լսենք մեզ շրջապատող բոլոր ձայները: Երկրորդ աղբիւրը ներքին է. ձայները կը սփռուին մեր մարմինին մէջ… մեր ոսկորներուն ընդմէջէն: Եւ անոնք ուղղակիօրէն կ՛երթան մեր ականջին մէջ` առանց թմբուկէն անցնելու: Այս ոսկրային աղբիւրը մեր ձայնը իսկական ձայնէն աւելի թաւ կը ձեւացնէ: Անշուշտ աւելի թաւ մեզի համար` բաղդատած մեր շուրջիններուն:

Չինական Լարերու Պարի
Մրցանիշ Մը

Չինաստանի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Թիպեթի ինքնավար շրջանին մէջ, 7 օգոստոսին տեղի ունեցաւ «աշխարհի պարի մեծագոյն ներկայացումը», ըստ «Ուըրլտ Ռեքըրտ Սերթիֆիքէշըն Էյճընսի»-ին:

 

Աւելի քան 3000 անձեր, Մարքամ շրջանի եօթը տարբեր քաղաքներէն եկած ուսանողներ եւ պաշտօնեաներ ներկայացուցին Ժիանզի աւանդական պարը:

Այս պարը Թիպեթի ֆոլքլորիք պարերէն մէկն է, որուն կ՛ընկերակցին Ժիանզի լարային երաժշտական գործիքներու եղանակները:

Լարերու այս պարը մեզի հասած է Թանկ թագաւորութեան ժամանակաշրջանէն (Յ. Ք. 618-907):

Հաճելի Փառատօներ

Ամառը ընդհանրապէս եղանակն է փառատօներու, որոնց մարդիկ կրնան ներկայ գտնուիլ կամ մասնակցիլ` հաճելի ժամանակ անցընելու համար: Դժբախտաբար, այս տարի ամբողջ աշխարհը զրկուեցաւ այդ հաճելի փառատօներէն: Հետեւաբար, այսօր պիտի փորձենք վերապրիլ այդ տարբեր արկածախնդրութիւնները` նկարներուն միջոցով:

Աշխարհի մէջ երկուորեակներու մեծագոյն հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգին Թուինզպըրկ քաղաքին մէջ: Նշենք, որ թուին անգլերէնով կը նշանակէ «երկուորեակ»: 1976-էն ի վեր աշխարհի չորս կողմերէն երկուորեակներ կու գան` մասնակցելու երկուորեակներու փառատօնին, որ տեղի կ՛ունենայ օգոստոս ամսուան առաջին շաբաթավերջին:

Լեմոնի տօնը ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ ձմրան վերջաւորութեան` փետրուար ամսուան, Ֆրանսայի Մանթոն քաղաքին մէջ, Մանթոնի բարեկենդանին ընթացքին:

Այս քաղաքին մէջ, 19-րդ դարու վերջաւորութեան կը ստեղծուի բարեկենդանի տողանցք մը` ձմրան քաղաքին մէջ քիչ մը շարժում ստեղծելու համար: 1920-ական թուականներուն քաղաքը դարձած է լեմոնի, նարինջի տարբեր տեսակներ արտադրող մեծ շրջան մը: Այս ձեւով, 1934 թուականին կը ծնի «Լեմոնի տօն»-ը, որուն ընթացքին կը տողանցեն լեմոններով, նարինջներով ծածկուած տարբեր հսկայական կառոյցներ: Այս տարբեր նիւթեր ներկայացնող «արձաններ»-ը կը կարօտին քսան թոն պտուղներու, որոնք կը բերուին Սպանիայէն, մէկ միլիոն ձգախէժէ կապերու, 15 օրուան աշխատանքի եւ մօտաւորապէս հարիւր հոգիներու մասնակցութեան:

Թայլենտի Լոփպուրի քաղաքին մէջ, ամէն տարի նոյեմբեր ամսուան վերջին շաբաթը տեղի կ՛ունենայ «Լոփպուրիի կապիկներու փառատօն»-ը` ի պատիւ հոն ապրող կապիկներուն: Մէկ շաբթուան ընթացքին, տեղացիները անոնց համար կը սարքեն սեղաններ` անոնց նուիրելով պտուղ եւ բանջարեղէն:

Այս աւանդութիւնը եկած է շրջանի խմեր մշակոյթէն եւ անոր հինտու ծագումէն: Այս առիթով քաղաքին փողոցներուն մէջ տեղի կ՛ունենան նաեւ պարերով եւ երաժշտութեամբ տողանցքներ:

«Թոմաթինա»-ն լոլիկներով կռիւի փառատօն մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի` օգոստոս ամսուան վերջին չորեքշաբթին, Սպանիոյ Վալենսիա նահանգին մօտ գտնուող Պունիոլ քաղաքին մէջ:

Ոչ մէկը յստակօրէն գիտէ, թէ այս աւանդական փառատօնը ինչպէ՛ս սկսած է 1940-ական թուականներու կէսերուն: Ենթադրութիւններէն մէկը այն է, որ տօնակատարութեան մը ընթացքին, դժգոհ քաղաքացիներ քաղաքի պատասխանատուներուն վրայ լոլիկներով յարձակած են: Մարդիկ այնքան հաճոյք զգացած են այս պատահարէն, որ ուզած են զայն կրկնել յաջորդ տարին: Այսպէս ծնած է նոր աւանդութիւն մը:

Կէսօրէ առաջ մօտաւորապէս ժամը 11:00-ին, փոխադրակառքերը լոլիկները կը պարպեն քաղաքին կեդրոնը` Փլազա Տել Փուեպլոյի մէջ: Սկզբունքով փառատօնը կը սկսի, երբ քաջ անձ մը կը մագլցի երկու յարկանի բարձութիւն ունեցող լոլիկներու լեռն ու ձէթով ծածկուած ձողը եւ կը հասնի անոր գագաթը զետեղուած վարձատրութեան` ապուխտի միսի կտորին: Իրականութեան մէջ ասիկա երկար ժամանակ կը տեւէ, եւ ժողովուրդը անհամբեր կը դառնայ: Հետեւաբար, մինչ մագլցողը կը շարունակէ իր ճամբան, վարը լոլիկի կռիւը արդէն կը սկսի երբ ջուրի խողովակները կը թնդան:

Սակայն նոյնիսկ այս «խառնակութիւնը» ունի իր օրէնքները. մասնակցողները պէտք չէ իրենց հետ ունենան շիշեր կամ առարկաներ, որոնք կրնան վիրաւորել շուրջինները, շապիկները քաշքշելը եւ պատռելը արգիլուած է, պէտք է լոլիկները ճզմել ձեռքին մէջ նետելէ առաջ, որպէսզի անոնք նուազ վնասեն, եւ վերջապէս` անմիջապէս դադրիլ, երբ վերջաւորութեան զարկը հնչէ:

Մէկ ժամ ետք կռիւը վերջ կը գտնէ: Այլեւս ո՛չ մէկը կրնայ լոլիկ մը նետել: Մաքրութեան ժամը կը հնչէ: Կարգը փոխադրակառքերուն է` գրաւելու քաղաքին կեդրոնը:

Ժամանց Ընկերներու Հետ
1) Կրնա՞ս գտնել երկու ընկերներուն գլխարկներուն մէջ գտնուող սուլիչ մը, թուղթի կցիչ մը, սիրտ մը, ձեռքի ժամացոյց մը, պանան մը եւ տապկուած հաւկիթ մը:
Այս ցանկը վերջացնելէդ ետք, փորձէ՛ գտնել գոյութիւն ունեցող ուրիշ հինգ տարբերութիւններ:
2) Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած 11 կարկանդակի կտորները:
3) Ուշադրութեամբ ուսումնասիրէ՛ պատկերը եւ փորձէ՛ պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն.
– Եթէ բոլոր աստղերը հինգ թեւեր ունին, ընդամէնը քանի՞ թեւեր կան պատկերին մէջ:
– Քանի՞ հատ մեծ կէտաւոր խեցիներ կան: Անոնք բոլորը նիոյնն են:
– Խխունջի նման խեցիներուն թի՞ւը աւելի մեծ է, քան կլորակ խեցիներուն:
4) Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած 14 ուտելիքի տեսակները` հաւու ոտքը, սփակեթիի խորունկ պնակը, փիցցայի շերտը, զովացուցիչ խմիչքի թիթեղեայ տուփը, ստեպղինը, նարինջի շերտը, մաֆֆընը, պաղպաղակը, տանձը, խնձորը, խաղողի ողկոյզը, հոթ տոկի հացիկը, թոսթ սենտուիչը եւ պանանը:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (26 Սեպտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Պահն Է Միա՛յն Զգօնութեան

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?