Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան 50 անդամներ միացած են քոնկրեսական Տինա Թայթսի նախաձեռնութեան, որով Քոնկրեսի գրադարանին կոչ կ՛ուղղուի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերը դասակարգել պատշաճ կերպով` «Հայկական կոտորածներ» խորագիրին փոխարէն ամրագրելով «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը եւ համապատասխան նիւթերը ներկայացնել այդ անուան տակ:
Քոնկրեսականի այս դիմումը կը հիմնաւորուի այն բանով, որ նախորդ տարի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան որդեգրած թիւ 296 եւ Ծերակոյտի հաստատած թիւ 150 բանաձեւերով ճանչցուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Շնորհակալ ենք քոնկրեսական Թայթսին այս նախաձեռնութիւնը սկզբունքայնօրէն ղեկավարելու համար, մեր գոհունակութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք ջանքեր կը գործադրեն Քոնկրեսի եւ աշխարհի այլ գրադարաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ գրականութեան պատշաճ ներկայացման ուղղութեամբ», նշուած է Ամերիկայի հայկական ազգային համագումարի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: