Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԸ ՍՊԱՆՆԱԾ ԵԱՍԻՆ ՀԱՅԱԼ ՑՄԱՀ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

January 18, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ առաջին ատեանի 14-րդ դատարանը «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի գործով ցմահ բանտարկութեան դատապարտած է գլխաւոր մեղադրեալ Եասին Հայալը:

Ըստ թրքական «Թուտէյզ Զաման» պարբերականին, գործով անցնող միւս մեղադրեալ Էրհան Թունչել արդարացուած է սպանութեան գործով, սակայն մեղաւոր ճանչցուած է 2004-ի Պոլսոյ պայթիւնը կազմակերպելու գործին մէջ ունեցած դերին համար եւ դատապարտուած 10 տարուան բանտարկութեան:

Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին քննադատած է դատարանի վճիռը` ըսելով, որ անիկա կը նշանակէ, որ «քաղաքական սպանութիւններու պետական աւանդութիւն»-ը միտումնաւոր կերպով անփոփոխ մնաց, քանի որ ան չ՛առնչուիր 2007-ի Տինքի սպանութեան պետութեան ներգրաւման վերաբերեալ մեղադրանքներուն:

«Հինգ տարի տեւած դատական հոլովոյթին ընթացքին անոնք հեգնեցին մեզ: Մենք չէինք սպասեր, որ անոնք մեծագոյն կատակը կը ձգէին վերջին պահուան համար», դատարանի վճիռը յայտարարուելէն ետք ըսած է ան:

«Այս վճիռը կը նշանակէ, որ սովորութիւն մը անփոփոխ մնաց` քաղաքական սպանութիւններու պետական աւանդութիւնը, որ խտրականութիւն կը դնէ իր քաղաքացիներուն միջեւ եւ զիրենք կը վերածէ թշնամիներու», աւելցուցած է Չեթին:

Տինքի ընտանիքի փաստաբանը նաեւ խոստացած է օգտագործել դատական բոլոր կարելի միջոցները ընդդէմ դատարանի վճիռին` վստահեցնելով, որ առաջին ատեանի դատարանի վճիռը Տինքի գործի միայն սկզբնական փուլն է:

Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած է «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրութեան շէնքին դիմաց` 19 յունուար 2007-ին:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃՈՆ ՓՐԵՍՔՈԹԸ

Յաջորդը

«ԴՐՕՇԱԿ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՔՍԱՆԱՄԵԱՅ ԱԶԱՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՅԴ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.