Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՆԱԽՔԱՆ ԻԲՐԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼԸ ԹՈՒՐՔԻԱ ԹՈՂ ԼՈՒԾԷ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ» «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.»-ԻՆ Կ՛ԸՍԷ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

January 18, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հանգիստ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ համախմբումին մաս կազմող մնացեալ քաղաքական ուժերուն հետ իր դաշինքով:

Կառավարութեան աշխատանքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան աշխատանքը անբաւարար է, բայց եւ այնպէս պէտք է ըսել, որ կառավարութիւնը ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ հարցեր կը հանդուրժէ եւ անոր առջեւ կը գտնուին մեծ մարտահրաւէրներ:

Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ իսկական գարուն մը կերտելու եւ վերջ տալու մեծամտութեան:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի եւ կը կաղայ իր գործունէութեան մէջ, որովհետեւ կառավարութեան կազմին անդամներուն միջեւ բաւարար գործակցութիւն եւ աշխատանքի համադրում չկայ: «Տակաւի՛ն, համադրում չկայ նաեւ վարչապետին եւ նախարարներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն միջեւ: Այսինքն` Լիբանան կը գտնուի քաղաքական պժգալի կացութեան մը դիմաց: Կառավարութիւնը պէտք է գիտնայ, որ հաւաքական անձնասպանութեան դէմ յանդիման կը գտնուի եւ նման կացութիւններու մէջ ոչ ոք կը մտածէ, թէ ով առաջ կամ վերջը պիտի մահանայ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը հաստատեց նաեւ, որ լիբանանցի քաղաքացին եւս պատասխանատու է քաղաքական այս կացութեան, որովհետեւ ան իր ընտրած ներկայացուցիչները հաշուետուութեան չի կանչեր:

Աշխատավարձերը սրբագրելու թղթածրարին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ նոյնիսկ ժողովուրդին ամէնօրեայ հացը քաղաքականացուած է` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ամէն բան, նոյնիսկ ապրուստը քաղաքականացուած է, ինչ որ Լիբանանի մէջ կը ստեղծէ տհաճ քաոս մը:

Անդրադառնալով Ֆասսուհի մէջ փուլ եկած շէնքին եւ նման փորձանքներու պարագային լիբանանեան պետութեան որդեգրելիք աշխատանքներուն ու վարուելակերպին` Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ այս փորձանքը ըլլայ առիթ մը միանգամընդմիշտ երաշխաւորելու նման փորձանքներու առաջքը առնելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:

Այս ծիրին մէջ, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց նաեւ բոլոր շէնքերու նորոգութեան եւ հետեւողական կերպով զանոնք ստուգելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել նման փորձանքներու:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան կատարած այցելութեան մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յայտարարած կեցուածքները, յատկապէս Սուրիոյ մասին նորութիւն չէին` ընդգծելով, որ կարեւոր էր այն, որ Լիբանան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն առումով ի՛նչ կեցուածք յայտնեց Քի Մունին: Ան նշեց, որ Լիբանան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն գծով յստակ կեցուածք չունի, այլ` երկմտանքի մէջ է:

Լիբանանի մէջ միլիսները ապազինելու մասին Քի Մունի կատարած յայտարարութեան ակնարկելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ միլիսներ չկան, այլ` կայ Դիմադրութիւն, որ այլ անուանում չունի եւ որուն առաքելութիւնը նշուած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ:

Լիբանանի ազատութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան նկատմամբ միջազգային օրինականութեան, Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպայի նախանձախնդրութեան մասին հաւանականութիւններուն ակնարկելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ լիբանանցիները պէտք է այլեւս այդ սուտը թօթափեն եւ վերջ տան հաւատալու այն տեսակէտներուն, որոնք իրերայաջորդ կրկնութեան իբրեւ արդիւնք «իրականութիւն» դարձած են:

Լիբանանի իշխանութեան կազմուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է բոլորին համար ըմբռնելի դառնայ, թէ Լիբանանի մէջ քաղաքական մեծագոյն ուժը կարիք ունի փոքրագոյն ուժին: «Այս ոգիով եթէ գործակցինք, ապա կարելի կ՛ըլլայ երկրին դիմագրաւած բոլոր հարցերը լուծել», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Լիբանան կատարած այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անոր Լիբանան այցելութեան նպատակը յստակ չէր` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ան խօսեցաւ սադրանքներու մասին, ինչպէս նաեւ շեշտեց Թուրքիոյ նախանձախնդրութիւնը շրջանին մէջ քրիստոնէական գոյութեան մասին:

«Ամէն բանէ առաջ, Տաւութօղլուի հարց պէտք է տալ, թէ արդեօք Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ է քրիստոնեաներուն կացութիւնը, եւ ապա, ցաւ ի սիրտ կը տեսնենք, որ կան քրիստոնեայ քաղաքական ղեկավարութիւններ, որոնք կը ծափահարեն Թուրքիոյ մէջ իսլամ-քրիստոնեայ ընդարձակ երկխօսութեան նիստ կատարելու նախաձեռնութեան: Կրնա՞յ ըլլալ, որ այդքան զօրաւոր Ալցհայմըր հիւանդութենէ կը տառապինք», հարց տուաւ ան` ըսելով, որ ամբողջ աշխարհին մէջ պետութիւն մը չմնաց նման խորհրդաժողով հիւրընկալող:

«Թուրքիոյ մէջ եկեղեցիներուն 90 առ հարիւրը վերածուած են ախոռներու, գործարաններու եւ այլ բաներու: Նախքան իբրեւ մարդկային իրաւունքներուն պաշտպան ներկայանալը, Թուրքիա թող լուծէ իր ներքին հարցերը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Թուրքիոյ դէմքին զետեղուած դիմակը արդէն իսկ ինկած է:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ մարդիկ տակաւին կը տանջուին Օսմանեան կայսրութեան գործած աւերներէն, իսկ այսօր Թուրքիան է այդ կայսրութեան օրինական ժառանգորդը, իր ստացած իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով:

«Թուրքիա այսօր Միջին Արեւելք ժամանած է արաբ ժողովուրդը բաժնելու, շրջանին մէջ վերստանձնելու իսլամ ղեկավարի իր պաշտօնը` չափաւորականութեան դիմակով, ինչպէս նաեւ եկած է իրականացնելու տնտեսական, քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ ընկերային այն իրագործումները, որոնք Օսմանեան կայսրութիւնը չորս դարու ընթացքին չկրցաւ իրականացնել», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հարց տուաւ, որ եթէ այսօր Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ, Թուրքիոյ մասին ո՞վ կը հարցնէ` աւելցնելով, որ Թուրքիա միջոց մըն է` շրջանին հարցերուն այլոց լուծումները փոխադրելու:

 

 

Նախորդը

«ԼԻԲԱՆԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԵՑՈՒՄԸ ՄԵՐԺՈՂ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Յաջորդը

«ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ԿՐՑԱՒ ԱԶԴԵԼ ԹՐՔԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱՊԻՆԱ ՖՐԷՅԶԸՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.