Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օդերեւութաբանութիւն

Սեպտեմբեր 12, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երբ եղանակները փոխուելու ժամանակը կը մօտենայ, մենք կը հետեւինք օդերեւութաբանութեան լուրերուն, գիտնալու համար եթէ պէտք է մեզի հետ առնել աւելորդ բաճկոնակ մը կամ հովանոց: Օդին վիճակը նախատեսելը մարդոց համար միշտ կարեւոր եղած է` ո՛չ միայն ամէնօրեայ կեանքին համար, այլ յատկապէս երկրագործներու համար:

Հին ժամանակներէն մարդիկ միշտ ուսումնասիրած են երկինքը` նախատեսելու համար օդին վիճակը: Ներկայիս մասնագէտները կրնան նոյնիսկ նախատեսել հովին արագութիւնը կամ տեղալիք անձրեւին որակը: Սակայն ինչպէ՞ս կ՛ընեն անոնք:

***

Բնութիւնը ուսումնասիրելով, մենք կրնանք գիտնալ օդին յաջորդ քանի մը ժամերու վիճակը: Օրինակի համար, փոքրիկ ճերմակ ամպերը պայծառ օդ կը խոստանան, մինչ մոխրագոյն ամպերու մեծ խաւերը կը բերեն անձրեւ, փոթորիկ կամ կարկուտ: Մենք կրնանք նաեւ վստահիլ անասուններուն բնազդին: Օրինակի համար մանր ճանճերուն թիւը կը շատնայ փոթորիկէ մը առաջ, իսկ թռչունները, աւելի ցածէն կը թռչին, երբ պիտի անձրեւէ:

***

Սակայն անշուշտ, օդի մասնագէտները այս աւանդական միջոցներուն վրայ չեն հիմնուիր: Անոնք կը գործածեն գիտական գործիքներ, որոնք անոնց կարելիութիւն կու տան շատ աւելի ճշգրիտ եւ աւելի երկար ժամանակի վրայ նախատեսութիւններ կատարելու: Շնորհիւ աշխարհին չորս կողմերը զետեղուած յատուկ մեքենաներու, կ՛արձանագրուին միլիոնաւոր տուեալներ, ինչպէս` ջերմաստիճան, խոնաւութեան տոկոս, հովին ուղղութիւնը եւ այլն: Այս մեքենաները օժտուած են նաեւ ռատարներով` գիտնալու համար, թէ ո՛ւր կ՛անձրեւէ կամ կը ձիւնէ, արբանեակներով` երկինքէն նկարներ առնելու համար եւ արձանագրելու ամպերուն շարժումները:

Ապա, այս բոլոր տեղեկութիւնները կը ղրկուին «սուփըր» համակարգիչներու, որոնք մէկ երկվայրկեանի մէջ միլիառաւոր հաշիւներ կրնան կատարել: Այդ խրթին հաշիւները կատարելով, անոնք կը բնորոշեն իւրաքանչիւր տուեալի կարելի հոլովոյթները: Օդերեւութափանները անձնապէս կը վերլուծեն արդիւնքները, նախատեսելու համար յաջորդ օրերուն վիճակը: Անոնք այս տուեալները պարզացուած ձեւով քարտէսներու վրայ կ՛արձանագրեն, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ հասկնալ օդերեւութաբանական ծանուցագիրները: Յաջորդ օրուան նախատեսուած օդին վիճակը 90 առ հարիւրով վստահելի կ՛ըլլայ:

Չափազանց Բարձր Ջերմաստիճաններ

Այս ամառ մեր երկրագունդին վրայ արձանագրուեցաւ տաքութեան մրցանիշ մը, զոր աշխարհը չէր ապրած աւելի քան մէկ դարէ մը ի վեր:

Ամերիկայի Քալիֆորնիա նահանգին մէջ գոյութիւն ունի անապատային շրջան մը` մահուան հովիտը, ուր բնական օրերուն արդէն կ՛արձանագրուին տաքութեան շատ բարձր աստիճաններ: Հոն է, որ արձանագրուած է աշխարհի ամէնէն բարձր ջերմաստիճանի մրցանիշը, 1913 թուականին, երբ տաքութիւնը հասած է 56,7 աստիճանի: Սակայն այդ թուականէն ի վեր նման բարձր թիւեր չեն արձանագրուած:

Դժբախտաբար, այս ամառ Քալիֆորնիա նահանգը կ՛ապրի շատ տաք օրեր, որոնց պատճառով մահուան հովիտին մէջ ջերմաստիճանը բարձրացաւ 54,4-ի:

Արդեօք ասիկա երկրագունդի կլիմային տաքութեան հետեւանքներէն մէ՞կն է:

 Տուրմի «Անձրեւ» Զուիցերիոյ Մէջ

Զուիցերիոյ Օլթըն փոքրիկ քաղաքին մէջ «անձրեւած է» օգոստոս ամսուն: Սակայն այդ քաղաքին բնակիչները այս ամառնային «անձրեւը» բնաւ պիտի չմոռնան, որովհետեւ օգոստոս 14-ին հոն տուրմի փոշի «անձրեւած է»:

Այս արտասովոր պատահարը օդերեւութաբանական երեւոյթ մը չէր: Քաղաքին մօտ գտնուող տուրմի գործարանի մը օդափոխութեան խողովակներուն ցանցին կապուած խանգարումի մը պատճառով, ճզմուած քաքաոյի հատիկներու փոշին սփռուած է քաղաքին վրայ` քաքաոյի բարակ խաւ մը կազմելով գետինը եւ ինքնաշարժներուն վրայ:

Հակառակ անոր որ այս «անձրեւը» քիչ մը աղտոտած է շրջակայքը, սակայն ան առողջապահական ո՛չ մէկ վտանգ յառաջացուցած է:

Ժպիտ» Դիմակներ

«Քորոնա» ժահրին պատճառով դիմակ դնելը սկսաւ բնականօրէն մաս կազմել մեր առօրեային: Սակայն առողջապահական այս անհրաժեշտ առարկան երբեմն կը դժուարացնէ ոչ բանաւոր հաղորդակցութիւնները եւ յատկապէս դէմքին արտայայտութիւնները:

Այս պատճառով ճափոնական մեծ հաստատութիւն մը իր խանութներուն մէջ աշխատող բոլոր ծախողներուն բաժնած է ճերմակ դիմակ մը, որուն վրայ տպուած է ժպիտ մը` երկու տարբերակներով` կիներու եւ այր մարդոց համար:

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել կողովին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակ գտնուող երկու թիւերու գումարումին: Օրինակի համար` 17+4=21:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Յարձակում` Հալէպի Սֆէյրա Շրջանին Վրայ

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Միտումը Հայաստանի Հայերէնի Դասագրքերէն Արեւմտահայ Գրողներու Զանցառման

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?