
Եգիպտոսի զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչները երէկ յայտարարեցին, թէ ձախողեցուցած են երկրի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի կողմէ երկիրը լքելու փորձ մը, եւ այժմ ան կը գտնուի տնային կալանքի տակ: Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչները հերքած են այն տեղեկութիւնը, թէ Մուպարաք փախած է Եգիպտոսէն եւ ապաստանած Սէուտական Արաբիա: Մուպարաքի հետ տնային կալանքի տակ են նաեւ անոր ընտանիքին անդամները:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը երէկ յայտարարեց, որ Եգիպտոսի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սեպտեմբերին, իսկ արտակարգ դրութիւնը պիտի ջնջուի այդ ընտրութենէն առաջ:
Խորհուրդի անդամներէն Մամտուհ Շահին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թուական մը տակաւին չէ ճշդուած: «Խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սեպտեմբերին», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Նախապէս յայտնած ենք, որ խորհրդարանական կամ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի չունենան, մինչ արտակարգ դրութեան օրէնքը ի զօրու է»:


