Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

January 17, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ հաստատեց, որ յառաջիկային Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութեամբ կը սպասուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպում:

Նալբանդեան նշեց, որ այսպիսի համաձայնութիւն կայ:

Նշենք, որ աւելի կանուխ «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ 23-24 յունուարին Սոչիի մէջ նախագահներուն մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ եռակողմանի բանակցութիւններուն հերթական հանգրուանը:

Դիւանագիտական տարուան ամփոփման նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Նալբանդեան մանրամասնեց, որ հանդիպման վայրին եւ տեղին մասին տեղեկութիւններ պիտի հաղորդուին համապատասխան պատշաճ ժամկէտներուն, երբ կողմերը յարմար նկատեն:

Ըստ Նալբանդեանի, այսպիսի հանդիպումներու ձեւաչափը չէ սպառած: Ան ըսաւ, որ այդ ձեւաչափը ապացուցեց իր կենսունակութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը, եւ ինք նոյնիսկ վստահ է, որ այդ ձեւաչափով հանդիպումները պիտի շարունակուին:

Ինչ կը վերաբերի առհասարակ ղարաբաղեան տագնապի հոլովոյթին, ապա, գնահատելով բանակցային տարին, նախարար Նալբանդեան յայտարարեց, որ «արցախեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին ընթացքին 2011 թուականը վերահաստատեց վերջին տարիներուն արձանագրուած Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումներու ներդաշնակութիւնը, իսկ տեղի ունեցած զարգացումները հիմնաւորեցին ընտրուած մարտավարութեան ճշմարտացիութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը:

Նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ ասոր ապացոյցն էին 5 մարտին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հանդիպման իբրեւ արդիւնք ընդունուած յայտարարութիւնը, 26 մայիսին Տովիլի մէջ Ութ մեծերու վեհաժողովի ծիրին մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն միացեալ յայտարարութիւնը, 24 յունիսին Քազանի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը, ինչպէս նաեւ 6 դեկտեմբերին Վիլնիուսիի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ յայտարարութիւնը:

Ամփոփելով նախորդ տարուան ընթացքին արտաքին քաղաքական մարզին մէջ իրականացուած գործունէութիւնը` Նալբանդեան շարք մը ուղղութիւններ եւս առանձնացուց: Ըստ անոր, տարին յատկանշական եղաւ հայ-ռուսական ռազմավարական եւ դաշնակցային փոխադարձ գործակցութեան յաւելեալ ամրապնդումով, ինչ որ արտացոլաց երկկողմանի յարաբերութիւններու 20-ամեայ պատմութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահին Ռուսիա կատարած առաջին պետական այցելութեամբ, որ «թէ՛ մակարդակով, թէ՛ բովանդակութեամբ վերահաստատեց դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրութիւնը եւ խորութիւնը»:

Ան նշեց, որ որակական նոր մակարդակի բարձրացած է Միացեալ Նահանգներու հետ բարեկամական գործընկերութիւնը, աւելի խորացած եւ ամրապնդուած են Ֆրանսայի հետ աւանդաբար սերտ բարեկամական յարաբերութիւնները: 2011 թուականին Ֆրանսայի նախագահին այցելութիւնը Հայաստան պատմական էր թէ՛ իր նշանակութեամբ, թէ՛ արդիւնքներով:

Նալբանդեան նաեւ նշեց, որ լուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է եւրոպական ընտանիքին հետ մերձեցման հոլովոյթին մէջ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Այդ առնչութեամբ Նալբանդեան նշեց, որ վերահաստատուած է միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններու` առանց նախապայմաններու կարգաւորման Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշման, իսկ Թուրքիոյ ապակառուցողական մօտեցումները համապատասխան վերաբերմունքի արժանացած են միջազգային հանրութեան կողմէ:

Հայոց ցեղասպանութեան մերժման համար քրէական պատիժ սահմանող Ֆրանսայի Ազգային ժողովի որոշման յաջորդած Թուրքիոյ արձագանգները եւ հնչեցուցած փաստարկները Նալբանդեան որակեց «թոյլ եւ անհիմն»:

 

 

 

Նախորդը

ԴԻՄԵԼՈՎ ՃՈՆ ՓՐԵՍՔՈԹԻՆ` «ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԿԱՆԽԱՒ ԴԷՄ ՏԵՍԱԿԷՏ ՅԱՅՏՆԵԼԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԸԼԼԱԼ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

Յաջորդը

ՄԱՔՍՈՒԵԼ ՄԻԱՑԱՒ ՓԱՐԻԶ ՍԵՆ ԺԵՐՄԵՆԻ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.