Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեզի Միայն Ոսպ Եւ Բրինձ Կը Բաժնեն» Ըսողներուն

Օգոստոս 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ-ՅԱԿՈԲԵԱՆ

1978 թուական:

Ամառ թէ ձմեռ չեմ յիշեր:

Յանկարծ, ինչո՞ւ չեմ գիտեր, ռումբերը սկսան տեղալ Պուրճ Համուտի վրայ: Արդէն վարժուած էինք շէնքին գետնայարկը, մեր դրացի տիկին Հուրիկենց տունը աստիճանները վազելով իջնելու, հոն ռումբերէն ապահովուելու մեր պատսպարանն էր, բայց որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, որ այդ ռումբերը 8 օր առանց դադարի գիշեր-ցերեկ Պուրճ Համուտի վրայ պիտի տեղային:

Տիկին Հուրիկենց տունը փոքր, սակայն հիւրանոցը ամէնէն ապահով տեղն էր: Այդ փոքր սենեակին մէջ, 28 հոգի նստած էինք, եւ որովհետեւ ես եւ եղբայրներս տարիքով ամէնէն պզտիկներն էինք, մեզի բաժին ինկած էր անկիւնի սեղանին տակը, գետինը նստելու, հօրեղբօրս տղան եւ աղջիկը մեզմէ քիչ մը աւելի մեծ ըլլալով, անոնց բաժին ինկած էր միւս անկիւնի հեռատեսիլին երկու կողմերը, իսկ մեծերն ալ, ամէն մէկը քով-քովի դուռէն անդին նստած էին:

Ռումբերը կարկուտի նման կը տեղային, ո՛չ դրացիներու տուն մնաց, ո՛չ խանութներ, ճամբաները եւ մեր շէնքի աստիճանները լրիւ փլատակ քարերով լեցուած էին: Ի հարկէ ռումբ չստացած տուներուն ապակիները արդէն փշրուած էին եւ պատերը ծակծկած ռումբի բեկորներէն, իսկ տիկին Հուրիկին տան ապակիները յամառութեամբ կառչած կը մնային տախտակէ պատուհաններուն: Կարծես աչք դպանք, այդ 8 օրերէն մէկը, յանկարծ ռումբ մը այնքան ուժգին պայթեցաւ, որ պատուհանին ապակիները փշուր-փշուր եղած օդը թռան, անոնցմէ մէկ կտորը վիրաւորեց մօրս երեսը, բայց ո՞վ կը մտածէր բժիշկ, հիւանդանոց, ո՛չ դրամ կար եւ ո՛չ ալ ճամբայ կար երթալու կամ ո՞վ կը համարձակէր պատսպարաններէն դուրս գալու, հայկական սովորութեամբ` արիւնը սրբել, հականեխել, վրան կտոր մը դնել եւ վերջ:

Ուտելիք ապահովելու դժուարութիւն կար, ո՛վ ինչ ունէր արդէն քով-քովի հաւաքած էին  մեծերը, հազիւ պատառ-պատառ մնացած էր, իսկ ջուրը կաթիլ առ կաթիլ կը խմէինք, որպէսզի շուտ չվերջանար: Մայրս եւ հայրս յաճախ մեզի կը փաթթուէին, կը փորձէին մեր ականջները գոցել, որպէսզի սուրացող հրթիռներուն ձայները չլսէինք, կամ կը փորձէին մեզ` փոքրերս բանով մը զբաղեցնել, որպէսզի մեր վախը թեթեւնար:

Յանկարծ 7-րդ օրը ձայնասփիւռէն յայտարարեցին, որ 2 ժամ զինադադար պիտի ըլլար, որպէսզի թնդանօթները պաղէին եւ նոր զինամթերք ապահովէին` շարունակելու համար ռմբակոծումը:

Այդ երկու ժամուան ընթացքին, հայրս եւ թաղին բոլոր տղամարդիկը, բահ ու բրիչով, աւելով, սկսան ճամբուն քարերը մաքրել, որպէսզի ակումբի տղաքը կարենային վիրաւորները հաւաքել եւ հիւանդանոց հասցնել: Արդէն շատ չէր անցած, յանկարծ «Սարդարապատ» ակումբին տղոցմէ մաս մը հասան մեր թաղը եւ սկսան ամէն տուն, շէնք առ շէնք պանիր եւ հաց բաժնել բոլոր թաղեցիներուն: Անշուշտ, Պուրճ Համուտի բոլոր թաղերուն մէջ, խումբ-խումբ տղաքը նոյնը կ՛ընէին: Երեւակայեցէ՛ք, թէ ի՞նչ վտանգներ արհամարհելով, կրցած էին այդ օրերուն մեզի համար գոնէ հաց ու պանիր ապահովել: Երբ անօթի ես, դրամ չունիս, հացն ալ բաւարար պիտի ըլլար քանի մը օր կիսակուշտ մնալու:

Մայրս, հարսքոյրիկս եւ տիկին Հուրիկը, սկսան հաց ու պանիրով պատառներ պատրաստել, որպէսզի ուտէինք: Փոքր եղբայրս հազիւ պատառը լրացուցած, մօրմէս խնդրեց երկրորդը: Կը յիշեմ, որ յանկարծ մօրս արցունքները սկսան հոսիլ, առաջին անգամն էր, որ մօրս արցունքները կը տեսնէի, երեւի մայրական ցաւը եւ զօրաւոր կամքն ու ուժը չկրցաւ զսպել խեղճը` ի տես մեր եւ մեր ժողովուրդի վիճակին:

Այդ օրերէն ալ բախտով ողջ մնացինք, սակայն մնացին յուշերը եւ երախտագիտութեան զգացումը:

Վիրաւորներու եւ զոհերու թիւը չեմ յիշեր, սակայն յիշողութեանս մէջ ամուր մնացած է իրենց կեանքը վտանգելով  մեր տղոց բաժնած այդ անմահական հացն ու պանիրը, որ ոչ մէկ տեղ նոյն համը ունեցողը չեմ կերած մինչեւ այսօր:

Չեմ գիտեր, թէ ո՛վ որու դէմ կը կռուէր այդ տարիներուն, միայն գիտեմ, որ չորցած դաշտերուն Դաշնակցութեան տուած ջուրէն բացի, հացն ու պանիրն ալ ուրիշ համ-հոտ ունէին, որ միայն անօթին եւ երախտագէտը կը հասկնայ:

 

 

 

Նախորդը

Պէյրութին…

Յաջորդը

Թենիս. Կարէն Խաչանով Ապահովեց Գ. Հանգրուանին Իր Տոմսը

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?