Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՐԱՔԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

January 17, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի կառավարութիւնը պաշտօնապէս մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններէն, որոնք Իրաքի ներքին հարցերուն միջամտութիւն նկատուեցան Պաղտատի կողմէ:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնակատար Մոհամետ Ժաուատ Տուրքի այս կեցուածքը երկուշաբթի օր փոխանցած է Իրաքի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին, որ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Տուրքի Էրտողանի յայտարարութիւններուն նկատմամբ իրաքեան կառավարութեան մտահոգութիւնը փոխանցած է Թուրքիոյ դեսպանին` նշելով, որ այդ յայտարարութիւնները «ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ»` դեսպանէն պահանջելով իր կառավարութեան յայտնել, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ բոլոր այն բաներէն, որոնք երկկողմանի լաւ յարաբերութիւնները կը խանգարեն:

Թուրքիոյ դեսպանը իր կարգին բացատրած է, որ թուրք պաշտօնատարներուն կատարած յայտարարութիւնները «բարի կամքով» եղած են, սակայն իրաքեան կեցուածքը պիտի փոխանցէ իր կառավարութեան:

Էրտողան անցեալ երկուշաբթի յայտարարած էր, որ «Իրաք ականատես կը դառնայ կացութիւններու, որոնց նկատմամբ ձեռնածալ կարելի չէ մնալ»` զգուշացնելով, որ «կացութիւնը յարանուանական տագնապի մը ահազանգը կը հնչեցնէ»` աւելցնելով, որ «Թուրքիա չի կրնար դիտել Իրաքի մէջ տիրող կացութիւնը, որ դէպի յարանուանական բնոյթի արիւնալի տագնապ կ՛ուղղուի»:

 

 

 

 

Նախորդը

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԳՐԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ

Յաջորդը

ԻՐԱՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՊԱՀԱԿԱԳՈՒՆԴԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԵՆՔ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.