6 օգոստոսին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի վարչութեան անդամներուն մասնակցութեամբ: Քննարկուած է ծանր վիճակի մէջ յայտնուած լիբանանահայութեան աջակցելու միջոցներուն վերաբերող հարցը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ այս օրերուն ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած է Լիբանանի վրայ: Տարբեր երկիրներէ կոչեր, զօրակցական խօսքեր, օժանդակութեան առաջարկներ կը հնչեն, գործնական քայլերու կը ձեռնարկուին:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն մնայուն կապի մէջ է Լիբանանի ՀՅԴ կառոյցին հետ եւ դէպքի առաջին պահէն պարբերաբար տեղեկութիւններ կը ստանայ տիրող իրավիճակին մասին:
«Գաղտնիք չէ, որ Լիբանանը, մասնաւորապէս լիբանանահայութիւնը 90-ական թուականներէն Արցախի ժողովուրդի կողքին է, եւ Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրերէն Լիբանան ապրող մեր հայրենակիցները նաեւ գործնականին մէջ մեր շարքերուն մէջ էին», նշած է Դաւիթ Իշխանեան:
Անցած ամիսներուն Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամին հետ կապուած ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն «Ապառաժ» հասարակական կազմակերպութեան միջոցով դրամահաւաք կազմակերպած է:
«Մեր կոչին առաջին արձագանգողներէն եղած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ իր անձնական միջոցներէն նուիրատուութիւն կատարած: Դիմած ենք նաեւ Արցախի գործարար շրջանակներուն», ըսած է Դաւիթ Իշխանեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր նուիրատուներուն:
«Մենք քննարկումներ պիտի ունենանք Արցախի իշխանութիւններուն հետ եւ վստահ ենք, որ ո՛չ միայն Արցախի իշխանութիւնները, այլ նաեւ մեր ժողովուրդը, հասարակական կառոյցները, քաղաքական ուժերը եւ գործարար շրջանակները անգամ մը եւս իրենց մասնակցութիւնը պիտի ունենան այդ աղէտին հետեւանքները վերացնելու եւ մեր ժողովուրդին օգնութեան ձեռք մեկնելու առումով», նշած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան վստահութիւն յայտնած է, որ ՀՕՄ-ը իր ներդրումը պիտի ունենայ եւ հանդէս գայ համախմբող ուժի դերին մէջ: «Մենք յատուկ դրամատնային հաշիւ պիտի բանանք եւ նպատակ ունինք հաւաքագրուած գումարները ՀՕՄ-ի խողովակով փոխանցելու Լիբանան ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն: Չեմ կասկածիր, որ մեր ժողովուրդը մեծ աշխուժութիւն պիտի ցուցաբերէ լիբանանահայութեան օգնելու գործին մէջ», ըսած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհին:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Բիւրոն լիբանանահայութեան աջակցելու կոչով դիմած է աշխարհասփիւռ հայութեան, նաեւ վստահութիւն յայտնած, որ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները եւս քայլերու կը ձեռնարկեն գործնական օժանդակութիւն ցուցաբերելու առումով:
«ՀՅԴ բոլոր մարմինները, երիտասարդական-ուսանողական միաւորները, ինչպէս նաեւ մեր ուղեկից միութիւնները` ՀՕՄ, Համազգային, ՀՄԸՄ, Հայ դատի գրասենեակները եւ յանձնախումբերը` իրենց ամբողջ ներուժը արդէն իսկ զօրաշարժի ենթարկած են ի խնդիր Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան:
«Պահը լուրջ է: Խիստ անհրաժեշտ է, որ ազգովին, համահայկական ներուժով դիմագրաւենք այս արհաւիրքը եւ անգամ մը եւս ապացուցենք մէկ ու միասնական ազգ ըլլալու մեր հաւատամքը», նշուած է ՀՅԴ Բիւրոյի կոչին մէջ: