Զօրակցութիւն Եւ Համերաշխութիւն. Հայաստանի Խորհրդարանի Շէնքը Լուսաւորուեցաւ Լիբանանի Դրօշին Գոյներով
Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքը` իբրեւ աջակցութիւն բարեկամ Լիբանանի, երէկ երեկոյեան ժամը 21:00-ին լուսաւորուեցաւ Լիբանանի ազգային դրօշին գոյներով:
Լիբանանի դրօշին գոյներով լուսաւորուած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքը:
Նշենք, որ Երեւանն ու Պէյրութը քոյր քաղաքներ են:
Share This Article
CATEGORIES Հայկական