Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ԹՈՒՐՔԵՐԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԵՆ ԲՌՆԻ ՁՈՒԼՈՒՄԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԵՐՈՒՄԻ ՀԱՅՑԸ

January 16, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պուլկարիոյ թրքական համայնքի ներկայացուցիչները ողջունած են Պուլկարիոյ խորհրդարանի յայտարարութիւնը, որ 1980-ական թուականներուն նախկին համայնավար վարչակարգին կողմէ Պուլկարիոյ թուրքերուն դէմ կիրարկուած բռնի ձուլումի քաղաքականութեան համար ներում կը հայցէ:

Պուլկարացի թուրքերու մշակութային միութեան ատենապետ Ռաֆեծ Ուլթիւրք յանուն թրքական համայնքին յայտնած է, որ յայտարարութիւնը կարեւոր քայլ մըն էր: «Հետաքրքրական, թէեւ ուշացած, զարգացում մըն է», ըսած է ան:

Պուլկարիոյ խորհրդարանը չորեքշաբթի օր որդեգրած է յայտարարութիւն մը, որ կը դատապարտէ Պուլկարիոյ մէջ թուրքերը բռնի ձուլելու 1984-1989-ին կիրարկուած քաղաքականութիւնը:

Պուլկարիոյ նախկին վարչապետ եւ Յանուն ուժեղ Պուլկարիոյ ժողովրդավարներ կուսակցութեան ղեկավար Իվան Քոսթովի նախաձեռնութիւնը եղող յայտարարութիւնը որդեգրուեցաւ նիստին մասնակից 115 երեսփոխաններու 112 թեր քուէներով:

Թուրքերու ձուլումը դատապարտուեցաւ իբրեւ «ամբողջատիրական վարչակարգին կողմէ գործադրուած ցեղային մաքրագործման ձեւ մը»: Յայտարարութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ, որ նշեալ քաղաքականութեան պատասխանատուները արդարադատութեան յանձնուին ու պատժուին:

«Սահմանափակումի յօդուածով մը զայն ծածկելու փորձը յանցանքը անմիջական յանցագործներէն ամբողջ պուլկարացի ժողովուրդին վրայ կը տարածէ», կը նշէ յայտարարութիւնը:

Նշենք, որ Պուլկարիոյ խորհրդարանը անցեալ չորեքշաբթի օր հրաժարած էր քննարկման դնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, որուն նախաձեռնողը Աթաքա ազգայնական կուսակցութիւնն էր:

Նախորդը

ՊԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՆԱՔՈՒՐԱ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏԻՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ՊԱՔՈՒԻ ՅՈՒՆՈՒԱՐԵԱՆ ՋԱՐԴԵՐԷՆ 21 ՏԱՐԻ ԱՆՑԱԾ Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.