Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԷՇՐԵՖԻԷ ՖԱՍՈՒՀԻ ՄԷՋ ՓՈՒԼ ԵԿԱԾ ՇԷՆՔ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ ԶՈՀԵՐ ՈՒ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ

January 16, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փրկարար աշխատանքներէն պահ մը

Երէկ երեկոյեան Էշրեֆիէի Ֆասսուհ շրջանի «Մըթրան Աթալլա» փողոցին վրայ գտնուող եօթը յարկանի շէնք մը փուլ եկաւ:

Դէպքը պատճառեց 4 զոհ, որոնցմէ մէկը` 15 տարեկան պարմանուհի Ան Մարի Ապտել Քերիմ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով վիրաւորներ, որոնցմէ 10-ն փոխադրուեցան շրջանին մէջ գտնուող մօտակայ հիւանդանոցները: Մինչեւ ուշ գիշեր տակաւին 30 հոգի կը մնային փլատակներուն տակ:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, ներքին ապահովութեան ուժերը, բանակն ու Կարմիր խաչը փութացին դէպքին վայրը եւ իսկոյն սկսան փրկարար աշխատանքներուն:

Դէպքին վայրը ժամանեցին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որոնք շեշտեցին, թէ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, Կարմիր խաչն ու ապահովական ուժերը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն փրկելու համար փուլ եկած շէնքին բնակիչները: Անոնք անձամբ հսկեցին փրկարար աշխատանքներուն ընթացքին:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հետեւեցաւ դէպքին մանրամասնութիւններուն եւ պատասխանատուներուն հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին կոչ ուղղեց ջանքերը բազմապատկելու, որպէսզի փրկարար աշխատանքները շարունակուին եւ կարելի ըլլայ շէնքին փլատակներուն տակ մնացած  բնակիչները դուրս բերել:

Նախագահ Սլէյման նաեւ այցելեց դէպքին վայրը, ուր ան յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի շարունակելու համար փլատակներուն տակէն քաղաքայինները դուրս բերելու աշխատանքները:

Ան շեշտեց հին շէնքերուն հիմերը ստուգելու աշխատանքին կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր նախարարութիւն իր պատասխանատուութիւնները պէտք է ստանձնէ:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց լրագրողներուն` քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ ապահովական ուժերուն հետ հանդուրժելու մարդկային այս աղէտին:

Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց, առողջապահութեան եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարներուն հետ եւ պահանջեց երկրին կարողութիւնները զօրաշարժի ենթարկել` շարունակելու համար փրկարար աշխատանքները եւ կարելի եղածին չափ արագ դուրս բերելու փլատակներուն տակ գտնուող քաղաքայինները:

Վարչապետ Միքաթի պահանջեց նաեւ կազմել յանձնախումբ մը` հետաքննութիւն բանալու համար այս դէպքին գծով:

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց փուլ եկած շէնքի բնակիչներուն եւ կոչ ուղղեց փրկարար աշխատանքները ամբողջացնելու իմաստով ճիգ չխնայելու:

Վ. Սապունճեան անհրաժեշտ նկատեց, որ այս դէպքին շուրջ բացուած հետաքննութիւնը շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ պատասխանատուութիւնները ճշդել:

Դէպքին վայրը այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ, Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ` գերապայծառ Միշել Աունի: Ան կոչ ուղղեց աղօթելու զոհերուն հոգիներուն եւ վիրաւորներուն բժշկութեան համար:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՈՒՐԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.