Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Զգուշութիւնները Կը Խստանան, Եւ Լիբանան Կը Վերադառնայ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութեան

Յուլիս 29, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 4023-ի, Մահուան Պարագաներունը` 54-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1710-ի

«Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարի միջոցները յառաջիկայ օրերուն պիտի խստանան, եւ երկիրը դարձեալ մուտք պիտի գործէ ընդհանուր զօրաշարժի դրութեան մէջ, որուն ընթացքին փակ պիտի մնան մարզասրահները, մարզադաշտերը, մարզական ակումբները, խորհրդաժողովներու յատուկ սրահները, հանրային պարտէզները, խաղավայրերը, ժողովրդային շուկաները, ծովեզերքի քալելու յատուկ մայթերը, լողափները, լողաւազանները, եկեղեցիներն ու մզկիթները, թատերասրահներն ու շարժապատկերի սրահները:

Այս բոլորին կողքին պիտի ջնջուին կրօնական բոլոր առիթները, մարզական մրցումները, իսկ զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշումով պիտի փակուին ճաշարաններն ու սրճարանները, ինչպէս նաեւ պիտի կասեցուի բնակարանները սննդեղէն եւ պատրաստ ճաշ առաքելու ծառայութիւնը:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 4023-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 141 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 133-ը` տեղացիներ, իսկ 8-ը` Պէյրութ վերադարձած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 54 պարագաներ մահացած են, իսկ 1710 ուրիշներ` ապաքինած:

Նշենք, որ ուրբաթ, 31 յուլիս 2020-էն սկսեալ Լիբանանի սահմաններուն վրայ Լիբանան մուտք գործել փափաքողները ստիպուած են ցոյց տալ իրենց «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքը, պայմանով, որ անիկա ճամբորդութենէն միայն 4 օր առաջ կատարուած ըլլայ:

Միւս կողմէ, յիշեցնենք, որ վաղը` հինգշաբթի, 30 յուլիս 2020-էն մինչեւ երկուշաբթի, 3 օգոստոս 2020, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2020-էն մինչեւ երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020 Լիբանանի մէջ փակ պիտի մնան բոլոր անձնական հաստատութիւնները, առեւտրական կեդրոնները, շուկաներն ու ընկերութիւնները, կրթական եւ դրամատնային մարզերը եւ պիտի արգիլուին ամէն տեսակի համախմբումները:

Այս որոշումէն զերծ կը կացուցուին առողջապահական եւ բժշկական, սննդեղէնի յատուկ, զինուորական, դեղորայքի, ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ  տեղեկատուութեան հաստատութիւնները, նաւահանգիստները եւ օդակայանը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւնները եւ քաղաքապետարանները:

Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ յանձնառու կը մնայ դրամատուները հինգշաբթի, 30 յուլիս 2020-էն մինչեւ երկուշաբթի, 3 օգոստոս 2020, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2020-էն մինչեւ  երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020 փակ պահելու ներքին գործոց նախարարութեան որոշումին:

Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանը հաստատեց, որ իրենք արդէն իսկ փակած են բոլոր եկեղեցիները` աւելցնելով, որ անոնք եկեղեցիները փակ պիտի պահեն մինչեւ 10 օգոստոս 2020:

Սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ իրենք անկարող են ներկայ պայմաններով շարունակել այս ընթացքը` աւելցնելով, որ շատ հաւանաբար փորձանքներու դէմ յանդիման կրնան գտնուիլ, եթէ ժողովուրդը շարունակէ յանձնառու չմնալ նախազգուշական միջոցառումներու որդեգրման:

«Այդ պարագային հիւանդանոցները անկարող պիտի դառնան ընդունիլ վարակուածները, եւ Լիբանանի մէջ պիտի ստեղծուի Իտալիոյ նման իրավիճակ մը», ըսաւ ան:

Նախորդը

Իսրայէլի Օդուժը Շարունակեց Լիբանանի Վերեւ Իր Թռիչքները` Ոտնձգութիւն Գործելով Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Որդեգրեց Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը Մինչեւ 30 Օգոստոս Երկարաձգելու Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդին Յանձնարարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?