Հինգշաբթի, 23 յուլիսին շարունակուեցաւ ՄԱԿ-ի «Եու. Էն. Հապիթաթ» ծրագիրի երկրորդ փուլը` Պուրճ Համուտի եւս հինգ շրջաններու մէջ զետեղուեցան ձեռքեր հականեխող սարքեր, ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի:
Ծրագիրի իրագործումը «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ նախազգուշական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ առողջապահական գետնի վրայ ցարդ տարուած աշխատանքներու ծիրին մէջ է: Անիկա կը կատարուի ՄԱԿ-ի «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի կողմէ, համագործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան:
Սոյն ծրագիրը կ’ընդգրկէ 12 հականեխող սարքերու զետեղում. երկուշաբթի, 13 յուլիսին կատարուեցաւ ծրագիրին առաջին փուլ, իսկ հինգշաբթի, 23 յուլիսին` երկրորդը: Երկրորդ փուլին սարքերը զետեղուեցան Նապաա (2 սարք), Արագած (2 սարք), Մարաշ (1 սարք) շրջաններուն մէջ: Իւրաքանչիւր կայան ունի մեքենայ մը, հականեխիչ դեղ, ջուր, թուղթէ թաշկինակ:
Հականեխող սարքերը զետեղուեցան Պուրճ Համուտի խճողուած շրջաններուն մէջ` առաւելագոյն չափով դէմ դնելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումին: