Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տունը Պահանջած Է Աւելի Խստութեամբ Վերահսկել Ազրպէյճանի Տրամադրուած Ամերիկեան Զինուորական Օգնութեան

Յուլիս 22, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը, ձայներու մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուած է Ազգային պաշտպանութեան արտօնութեան վերաբերող օրէնքին մէջ փոփոխութեան, որ կոչ կ՛ուղղէ` աւելի խստօրէն վերահսկում հաստատել պաշտպանական ծրագիրին վրայ, որուն միջոցով Ազրպէյճան Միացեալ Նահանգներէն ստացած է աւելի քան 120 միլիոն տոլար իբրեւ զինուորական օգնութիւն:

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ փոփոխութեան հարցը քուէարկութեան դրուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերու յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրանք Փալոնի նախաձեռնութեամբ:

Փոփոխութիւնը հետագային պիտի քննարկուի Ծերակոյտին կողմէ:

Փոփոխութիւնը Փենթակոնէն կը պահանջէ Քոնկրեսին ներկայացնել ամերիկեան զինուորական օգնութեան ծրագիրի մասին զեկուցում, որուն ծիրին մէջ վերջին քանի մը տարիներուն աւելի քան 120միլիոն տոլարի պաշտպանական օգնութիւն ուղարկուած է Ազրպէյճանին:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան քուէարկութենէն ետք շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներ Ֆրանք Փալոնին, Պրատ Շըրմընին, Ճեքի Սփիրին եւ Ատամ Շիֆին` Ազրպէյճանը զինելու հարցին մէջ ամերիկեան վարչակազմէն թափանցիկութիւն եւ պատասխանատուութիւն պահանջելուն համար:

Ընդհանուր առմամբ, Ազգային պաշտպանութեան արտօնութեան մասին օրէնքին մէջ Ազրպէյճանին վերաբերող չորս սրբագրում առաջարկուած է: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին պաշտպանական փոխանցումներու նկատմամբ խստացումներու եւ սահմանափակումներու կիրարկման, իսկ միւսը կ՛առաջարկէ վերականգնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրամադրուող զինուորական օգնութեան հաւասարութիւնը: Սակայն նշեալ երկու ուղղումները չեն քննարկուած:

Երրորդ ուղղումը, որ որդեգրուած է, կը վերաբերի տեղահանուածներուն:

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբի Կոչին Անսալով` Քանատայի Նահանգային Խորհրդարանի Անդամներ Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Յարձակողապաշտ Վարքագիծը

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Ազրպէյճան Պատերազմ Կը Սանձազերծէ Հայաստանի Եւ Հայութեան Դէմ, Եւ Այս Առումով Բոլորս Ընելիք Ունինք»

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?