Ուրուկուէյի Լայն ճակատ (Ձախ-յառաջդիմական ուժերու համախմբում, ընդդիմութիւն) կուսակցութիւնը հրապարակային հաղորդագրութեամբ դատապարտեց Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական յարձակումը եւ արտայայտեց իր «մերժումը թրքական կառավարութեան այն յայտարարութիւններուն, որոնք Ազրպէյճանի յարձակումին կը զօրակցին»: Լայն ճակատը, յուլիս 17-ին հրապարակած իր այս հաղորդագրութեամբ դիրք ճշդեց` ի նպաստ Հայաստանին:
Լայն ճակատի ղեկավարներէն ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեան հարցը բարձրացուց երկրի օրէնսդիր ժողովին: «Ծերակոյտի նիստին ես խոր մտահոգութիւն արտայայտեցի յուլիս 12-էն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ կատարուող զինուորական գործողութիւններուն համար: Այս յարձակումները Վիեննայի եւ Սենթ Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները կը բռնաբարեն եւ անկայունութիւն կը յառաջացնեն տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ Քէշիշեան:
Արժանթինցի ծերակուտական, արտաքին գործոց նախկին նախարար Խորխէ Թաիանա իր կարգին Պուէնոս Այրեսի «Արմենիա» թերթին ըսաւ. «Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող բախումներուն, որոնք մարդկային կորուստներու պատճառ դարձած են: Արժանթին զօրավիգ է Մինսքի խումբի միջնորդական գործընթացին` հարցին խաղաղ լուծում մը տալու համար, Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան սկզբունքներուն համաձայն: Այս գործընթացը, որուն համաձայն գտնուեցան երկու կողմերը, խաթարուած է վերջին ամիսներու ազրպէյճանական յարձակողականութեան պատճառով»:
Ուրուկուէյի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ֆորումը եւս հրապարակեց յայտարարութիւն մը` «մերժելով եւ խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի իրականացուցած զինեալ յարձակումը»: Ֆորումը պահանջեց հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած բռնութեան անմիջական դադրեցումը եւ կոչ ուղղեց ամբողջական յարգանք ցուցաբերելու միջազգային իրաւունքի նկատմամբ: «Խոր մտահոգութեամբ կը զգուշացնենք, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնները կրնան մագլցում արձանագրել եւ վերածուիլ տարածաշրջանային պայթումի: Կասկածէ դուրս է, որ ազրպէյճանական յարձակումը սպառնալիք է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան նպատակադրող միջազգային հանրութեան ջանքերուն», շեշտուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Չիլիի, Փարակուէյի եւ Փերույի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Եսթեր Մկրտումեան` խօսելով տագնապին մասին, ուշադրութիւն հրաւիրեց Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն: «Ազրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարարը յայտարարեց, թէ պիտի ռմբակոծէին հայկական կորիզային կայանը, ինչ որ իր անդրադարձը կ’ունենայ ոչ միայն Հայաստանի, այլ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ, քանի որ այդ կայանը Նախիջեւանի սահմանէն 70 քիլոմեթր հեռու է եւ մօտ նոյնինքն Թուրքիոյ»:



