Արաժի. «Քաղաքացիներուն Պիտի Պարտադրուի Դիմակ Կրել,
Այլապէս Անոնք Պիտի Տուգանուին»
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2859-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 84 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 65-ը` տեղացիներ, իսկ 19-ը` Պէյրութ ժամանած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 40 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1515 ուրիշներ` ապաքինած:
Առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ «Քորոնա» ժահրի վարակուածներուն թիւի արտակարգ կերպով բարձրացում արձանագրած շաբաթէ մը ետք, նախարարութիւնը այսօր առաւօտեան իսկ պիտի խստացնէ միջոցառումները` կանխարգիլելու համար տոկոսով «Քորոնա» համաճարակին անհակակշիռ տարածումը եւ աղիտալի իրավիճակի մատնուելու հաւանականութիւնը:
Առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրները հաստատեցին, որ գիտականօրէն կարելի չէ «Քորոնա» համաճարակը հարիւր առ հարիւր տոկոսով հակակշռել, ինչպէս նաեւ վարակուածներու թիւի բարձրացումէն պէտք չէ զարմանալ` նկատի ունենալով Պէյրութի միջազգային օդակայանի բացումը եւ բնականոն կեանքի վերադարձը` ինչպէս է պարագան նաեւ այլ երկիրներու մէջ:
Առողջապահութեան նախարարի խորհրդատու Մոհամետ Հայտար յայտնեց, որ դիմակ չկրելու տուգանք պիտի սահմանուի 50 հազար լ. ոսկի, իսկ Լիբանան հասնող քաղաքացիներուն, որոնք առողջական մեկուսացուելու պայմանը չեն ամբողջացներ, դարձեալ պիտի սահմանուի 50 հազար լ. ոսկի, որ սակայն կրնայ հասնիլ մինչեւ 7 միլիոն լ. ոսկիի:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի հաստատեց, որ քաղաքացիներուն պիտի պարտադրուի դիմակ կրել, այլապէս անոնք պիտի տուգանուին:
Արաժի յայտնեց, որ համախմբումները պիտի արգիլուին եւ իւրաքանչիւր նահանգի մէջ պիտի հիմնուին մեկուսացման կեդրոններ, որպէսզի վարակուած քաղաքացիները ուղղուին հոն` մինչեւ ապաքինում:



