Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս անցեալ շաբաթավերջին անդրադարձաւ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի պաշտօնեաները հաւաքաբար աշխատանքէ արձակելու որոշումին` զայն նկատելով անարդար եւ ամօթալի, որ կրնայ նոյնիսկ հասնիլ դաւադրութեան եւ ոճիրի մակարդակի:
Հըս հաստատեց, որ այս արարքին նպատակն է Լիբանանի ամէնէն հին բժշկական եւ մշակութային բերդը հարուածել եւ անոր կարողութեան ու շարունակականութեան նկատմամբ վստահութիւնը խախտել:
Ան շեշտեց, որ այս որոշումը քաղաքական է` կասկածելի նկատելով, որ անիկա արտաքին որոշում է կամ արտաքին հովանաւորութիւն վայելող որոշում ըլլայ, որուն պատճառով, սակայն, հարիւրաւոր լիբանանցի ընտանիքներ անորոշ վիճակի պիտի մատնուին` մինչ փտածները ազատ-անկախ կը շրջին եւ ժողովրդավարութեան դասեր կու տան:
Հըս կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն` վերջ տալու արտաքին քաղաքականութիւններուն գլուխ ծռելու քայլերուն, ինչպէս նաեւ` վերջ տալու շրջանային տագնապներու լուծումներուն սպասելու սովորութեան: «Լիբանան կը գտնուի տնտեսական, մարդկային եւ ընկերային փլուզումի դիմաց, որուն հետեւանքները ծանր են եւ վտանգաւոր: Աշխատեցէ՛ք փրկել Լիբանանը, որովհետեւ տակաւին կարելի է այդ մէկը», եզրափակեց Հըս:



