Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններն ու Լիբանանի օժանդակող երկիրներուն դիւանագիտական ներկայացուցիչները:
Մաժզուպ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան բեռը հետզհետէ կը ծանրանայ եւ կը սպառնայ ամբողջ սերունդի մը ուսման կորուստին: «Մենք վտանգի փողեր կը հնչեցնենք, որովհետեւ հազիւ թէ կարենանք պետական դպրոցներու բոլոր աշակերտները ընդունիլ, յատկապէս բազմամարդ շրջաններուն մէջ: Այդ իսկ պատճառով ստիպուած ենք յաւելեալ շէնքեր վարձել, սակայն բաւարար գումար չունինք այդ մէկը կատարելու», ըսաւ ան:
Մաժզուպ ներկաներուն հարց տուաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ տեղահանուածներուն եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն ուսում ջամբել, եթէ Միջազգային ընտանիքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բարեկամ երկիրները հասկացողութիւն չցուցաբերեն` տիրող տագնապին հանդէպ եւ յստակ քայլերու չդիմեն:
«Մեր ձայնը կը բարձրացնենք ստանալու համար միջազգային անհրաժեշտ օժանդակութիւն, որպէսզի յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանը չկորսուի», ընդգծեց Մաժզուպ:
Ան շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան երկրին կրթական հաստատութիւններն ու համալսարանները պահպանելու` ըլլան անոնք պետական թէ սեփական:
«Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք երկրին ուսման մակարդակը պահպանելու` լիբանանցիներուն թէ տեղահանուածներուն պարագային», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով Միջազգային ընտանիքին` ապահովելու տեղահանուածներուն տունդարձը:



