Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Մէջ Փաշինեան-Լուքաշենքօ Հանդիպում

July 18, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հանդիպումը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան ու խնդիրներու լուծման:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին հայ-պիելոռուսական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր, միտքեր փոխանակեցին «Քորոնա»-ի համաճարակի յաղթահարման եւ ճգնաժամէն դուրս գալու կարելիութիւններուն վերաբերեալ:

Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին թշնամիին կողմէ սանձազերծուած յարձակումներուն եւ այս գծով մանրամասնութիւններ ներկայացուց Պիելոռուսիոյ իր պաշտօնակիցին:

Ան դիտել տուաւ, որ եթէ կարելի ըլլայ քաղաքական կամքը պահպանել ներկայիս առկայ մակարդակին վրայ, ապա Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ բոլոր հարցերը պիտի լուծուին, պարզապէս պէտք է այս գծով հետեւողական աշխատանք տանիլ:

Փաշինեան անդրադարձաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին քննարկուած հարցերուն, ներկայացուած զեկուցումներուն` խոչընդոտներու վերացման վերաբերեալ: Ըստ անոր, Հայաստան, օրինակ, պէտք է վերցներ երկու խոչընդոտ, ինչ որ ըրած է: Ընդհանուր առմամբ, արձանագրուած տասը խոչընդոտներէն ութն փաստօրէն վերցուած են:

Փաշինեան-Միշուսթին Հանդիպում

Մինսքի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ:

Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց հանդիպումին համար` դիտել տալով, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները, որոնք կը կրեն դաշնակցային, ռազմավարական բնոյթ, կը զարգանան ըստ ծրագրուածին: Ըստ անոր, 2019 թուականը եղած է շատ արդիւնաւէտ, որովհետեւ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով առեւտրաշրջանառութիւնը գերազանցած է երկու միլիառ տոլարը, եւ արձանագրուած է 14 տոկոսի աճ:

Հայաստանի վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ հայ-Ազրպէյճանական սահմանային լարուածութեան: «Ես յոյս ունիմ, թէ դուք տեղեկացուած էք, որ տակաւին յայտնի չէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ, բայց ազրպէյճանական զօրքերը որոշած են գնդակոծել Հայաստանի սահմանը: Ես տեղեկութիւններ կը փոխանցեմ ձեզի այդ իրադարձութեան եւ ընթացիկ իրավիճակի մասին: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այդ իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան երրորդ կողմի հրահրման խորապատկերին եւ ատիկա դեռ պէտք է հասկնալ ո՞վ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ հետաքրքրուած է: Կը կարծեմ` ասիկա նոյնպէս շատ կարեւոր նիւթ է, եւ մենք այսօր պիտի քննարկենք նաեւ այդ հարցը», ըսաւ ան:

Իր հերթին, Ռուսիոյ վարչապետը խօսեցաւ երկու երկիրներուն յատկապէս առեւտրական շրջանառութեան մասին, որ որոշ չափով անկում արձանագրած է «Քորոնա»-ին ստեղծած իրավիճակին բերումով` աւելցնելով, որ մեծ յոյսեր կան, որ յառաջիկային միացեալ ջանքերով կարելի կ’ըլլայ վերականգնել բոլոր նախադրեալները:

«Մեր մշակութային, մարդասիրական, պատմական կապերը կը շարունակուին նախատեսուած ուղիով», յայտնեց ան:

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր հարցեր:

Նախորդը

Նաղդալեան. «Հայաստան Կը Մերժէ Սպառնալիքի Լեզուն Եւ Հանդէս Կու Գայ Խնդիրի Խաղաղ Լուծման Դիրքէն»

Յաջորդը

Ակնարկ. Սահմանագօտիի Հրահրումով Անգարան Նոր Գործարք Կ՛առաջարկէ Մոսկուային

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.