Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Տաւուշի սահմանէն Հայաստան թափանցելու եւ հայկական գիւղեր ռմբակոծելու ազերիական նորագոյն ոտնձգութիւնը պատշաճ հակահարուածը ստացաւ եւ ձախողութեան մատնուեցաւ: Ունեցանք 4 նահատակ (ըստ 15 Յուլիսի պաշտօնական տուեալներու), վիրաւորներ, նիւթական վնասներ, սակայն թշնամիին կորուստները աւելի մեծ են: Այդ կորուստը չի չափուիր միայն ազերիական բանակի զոհերով ու զինուորական սարքերու կործանումով, այլ նաեւ քաղաքական ու քարոզչական գետիններու վրայ բացայայտ խայտառակութեամբ: Ալիեւ եւ իր զինակիցները, որոնք կը փորձէին մանր «Ապրիլեան պատերազմ» մը սարքել եւ խաղաքարտեր ապահովել, նահանջի մատնուեցան նա՛եւ քաղաքական բեմին վրայ. Անոնց միակ «շահը» եղաւ այն, որ յաջողեցան ազերի ամբոխները ոտքի հանել հրապարակային ցոյցերով եւ Ղարաբաղի մասին սին բացագանչութիւններով: (Այս բոլորը յստակ պատգամ են նաեւ մեզի, որ պէտք է մի՛շտ պատրաստ ըլլալ՝ նման արկածախնդութիւններ գետնի վրայ պատժելու համար):
Փաստօրէն, ազերիական յարձակումը ընդհանուր առմամբ դատապարտանքի եւ ինքնազսպումի յայտարարութիւններու ալիք մը տարածեց ամէնուրեք: Ի մտի չունինք միայն հայկական բեմը, ուր միակամութիւնն ու միասնականութիւնը վերականգնեցան հերթական անգամ, իսկ սահմանային շրջաններու բնակիչները տեսան, որ հայրենի հողին կառչած մնալու իրենց հաստատակամութիւնը առանձնակի երեւոյթ չէ, որովհետեւ իրենց կողքին ունին ամբողջ Հայաստանը, թէ՝ արցախցին պատրաստ է իր զէնքով օգնութեան փութալու տաւուշցիին կամ հայկական որեւէ այլ վտանգուած շրջանի հայրենակիցին, իսկ Սփիւռքը պատրաստ է իր ամբողջ կարելիութիւնները լծելու նոյն նպատակին: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի յայտարարութիւնը միայն մէկ օրինակ է համայն հայութեան պատրաստակամութեան:
***
Պահ մը կանգ առնենք ազերիներուն կողմէ հնարուած եւ Թուրքիոյ օրհնութիւնը վայելող «մանր ճակատում»ին արտաքին արձագանգներուն վրայ: Աւելորդ է այստեղ ցանկագրել արեւմտեան աշխարհէն մինչեւ հիւսիս ու հարաւ ի յայտ եկած կեցուածքները: Զանոնք կարելի է բաժնել երեք գլխաւոր խմբակներու:
Ա. Առանց բառերը ծամծմելու դատապարտանք՝ ազերիական յելուզակութեան եւ զօրակցութիւն Հայաստանին:
Բ. Ճակատող կողմերը իբրեւ թէ հաւասարակշուած ակնոցով դիտելու ճիգ, հետեւաբար երկու կողմերը ինքնազսպումի, լարուածութիւնը դարմանելու հրաւիրելու կոչեր:
Գ. Զօրակցութիւն Ազրպէյճանին: Այս «փաշանգ»ին մէջ որբ մնաց Թուրքիան, իսկ «Ազրպէյճանի հողերուն ամբողջականութեան զօրակից» ըլլալու Ուքրանիոյ կեցուածին դէմ Հայաստան առաւ անմիջական հակազդեցութեան ճիշդ քայլ: (Չենք հաւատար, որ Ուքրանիա այդքան տգէտ է եւ անծանօթ՝ պատմական տուեալներուն…):
Չենք ուզեր մտնել իւրաքանչիւր կողմնորոշումի դրդապատճառներուն յետին ծալքերէն ներս, թէ՝ ո՞վ ի՛նչ հաշիւներով կը փորձէ շինծու «հաւասարակշռութիւն» խաղալ: Միամիտ ալ չենք, չտեսնելու համար, թէ նման կեցուածքներ մեզմէ անկախ, նա՛եւ արդարութեան ու խաղաղութեան հետամտութենէ անկախ հաշիւներով հրապարակ կը նետուին: Սակայն մենք, եւ մեզի նման՝ ծուռ հաշիւներու ահագին տուրք վճարողներ արդար իրաւունքը ունին սպասելու, պահանջելո՛ւ, որ միջազգային ընտանիքը նման աղաղակող թշնամանքներու դիմաց կանգ չառնէ լոկ դատապարտանքի եւ ինքնազսպումի կոչերով (որքան ալ որ ողջունելի ըլլան անոնք):
Միջազգային օրէնքն ու արդարութիւնը, նախայարձակ եւ թշնամանք հրահրող կողմերու դէմ, ունին նա՛եւ այլ հնարաւորութիւններ, որոնք կը կոչուին ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑ:
Ազրպէյճանը դատապարտելէ անդին, պէտք է անոր դէմ որդեգրել նաեւ համապատասխան պատժամիջոցներ, որպէսզի ան միանգամընդմիշտ հրաժարի հարցերը զէնքի միջոցով լուծելու իր անհիմն երազներէն (որոնք քանիցս յօդս ցնդած են):
Ազէպէյճանի հոգատար-հովանաւոր «եղբայր»ը եւս՝ Թուրքիան, պէտք է խստագոյն պատժամիջոցներու ենթարկել, ո՛չ միայն անոր համար, որ կը հրահրէ Ազրպէյճանի ռազմատենչութիւնը եւ զայն կը խրախուսէ յաճախակի արկածախնդրութիւններու դիմելու՝ հետեւելու իր ոճրածին վարքագիծին, այլ նաեւ անոր համար, որ Թուրքիոյ հեռաւոր ու մօտիկ անցեալը, այսօ՛րը բեռնաւորուած են ոճրային արարքներով ու միջամտութիւններով: Հայաստանի, Կիպրոսի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլոց դէմ անոր քանդիչ վարքագիծը եթէ ունին երկար պատմութիւն, անոր նորագոյն էջերը կ’արձանագրուին այսօր, ծայրայեղական զինեալներւ աջակցութեամբ, Լիպիոյ, Եգիպտոսի, արաբական երկիրներու դէմ գործողութիւններով, հասնելով… Չինաստան (ույղուրներու հարցերուն շահագործումով), իսկ Այա Սոֆիա տաճարին տագնապը պարզապէս նորագոյն մասնավճարն է այն «տուրքերուն», որոնք Թուրքիա կը գանձէ եւրոպացի դաշնակիցներէն՝ գաղթականներու եւ այլ տագնապներ շահող խաղաքարտի վերածելով:
***
Կրկնենք. Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ, անոնց նման՝ թշնամանք, ատելութիւն, ուրիշի հողը բռնագրաւելու-բռնակցելու ելլողներու հանդէպ բաւարար չեն ամէնէն ուժգին եւ խարանող դատապարտանքներն անգամ: Արդարութիւնը կը պահանջէ, միջազգային ընտանիքն ու Օրէնքը կը պահանջեն, որ անոնք ենթակայ դառնան պատժամիջոցներու:
Եւ պատժամիջոցները ինչո՞ւ վերապահուած պիտի ըլլան «ընտրեալներու», որոնք յաճախ ամէնէն անարդար եւ անմարդկային պայմաններուն կը մատնուին անտեղի պատժամիջոցներու հետեւանքով: Կարելի է երկար ցանկեր կազմել նման վերաբերմունքի ենթարկուողներով, յիշատակենք գոնէ Լիբանանը, Սուրիան, պաղեստինցիները, Իրանը:
Արդարութիւնը, ոճիրներու եւ թշնամական յարձակումներու կանխարգիլումը կը հարկադրեն, որ այսպիտի կացութիւններու դիմաց, դատապարտանքը ըլլայ նուազագոյնը:
Իսկ մենք գիտենք, թէ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ամէն օր կը կրկնենք Սարդարապատը: Գիտենք ու համոզուած ենք, որ հայկական կողմին համար նահանջի տեղ չկայ, որեւէ ընկրկում՝ լի է վտանգաւոր հետեւանքներով: Մենք ունին միայն մէկ ընտրանք. Հիմնականին մէջ վստահիլ մեր բազուկին ու սեփական միջոցով պատժել նախայարձակը, կրկնել յաղթանակները, ամրագրել միասնականութիւնը:
15 Յուլիս 2020