15 յուլիսին հայ-ազրպէյճանական սահմանային վիճակը յարաբերաբար հանգիստ եղած է: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:
Դիմատետրի իր էջին վրայ ան գրած է, որ սահմանին վրայ կը պահպանուի զինադադար: Դէպքեր եւ թիրախաւորուած կրակոցներ չեն արձանագրուած: Իրավիճակը սահմանի ամբողջ երկայնքով Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու լիակատար վերահսկողութեան ներքեւ է: Ան կոչ ուղղած է` ուշադրութիւն չդարձնելու Հայաստանի զինուած ուժերուն մասին պարբերաբար ապատեղեկատուութիւն տարածող ազրպէյճանական քարոզչական հրապարակումներուն:
Ըստ անոր` ծաւալած գործողութիւններուն ընթացքին տարբեր աստիճանի վիրաւորուած տասը զինուորներ այժմ բուժում կը ստանան: Մէկ զինուոր ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է: Հինգ զինուորներու վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան` դրական փոփոխութիւններով: Միւսները յառաջիկայ մէկ շաբաթուան ընթացքին կրնան վերադառնալ իրենց շարքերը:
Ազրպէյճանական կողմը 12-14 յուլիսի կէսգիշերը 50-է աւելի արկ կիրարկած է հայկական բնակավայրերու ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ին հաղորդումով` այս մասին 15 յուլիսին Իջեւանի ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին ըսած է պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական համալսարանի հրամանատարական բաժինի պետ Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Ան ցոյց տուած է այդ արկերու բեկորներէն մէկը` նշելով, որ նման շատ բեկորներ գտնուած են:
«Ճիշդ է, կը պահպանուի զինադադարի դրութիւնը, բայց մեր զինուած ուժերը բարձր մարտունակութեան մէջ են, զգօն են, լիարժէքօրէն կը տիրապետեն իրավիճակին, կը հետեւին թշնամիի զարգացումներուն եւ պատրաստ են թշնամիի որեւէ սադրաքին` ցամաքային թէ օդային, անհրաժեշտ հակահարուած տալու», ըսած է Յովհաննիսեան:
Ան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, որոնց կարգին` սահմանային ծառայութիւնը, վերջին օրերուն Տաւուշի ուղղութեամբ կիրարկած են իրենց բանակային կեդրոնին մէջ եղած գրեթէ ամբողջ զինանոցը, բացառութեամբ քանի մը միջոցներէ:
«Անոնք են, մասնաւորապէս, բոլոր տրամաչափի, բոլոր տեսակի հրաձգային զէնքերը` գնդացիրներ, ականանետներ եւ այլն, հրետանային միջոցներ` 122 եւ չի բացառուիր նաեւ աւելի մեծ տրամաչափերու: Հարուածային թռչող սարքերէն, ըստ էութեան, եթէ չեմ սխալիր, մենք առաջին անգամ կը տեսնենք իսրայէլական այդ տեսակը, մինչ այդ կիրարկուած են այլ տեսակի հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր», ըսաւ ան:
Ըստ Յովհաննիսեանի` մեր հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները աւելի քան 10 միաւոր անօդաչու թռչող սարքեր խոցած են այս օրերուն: Անոնց մէջ կը մտնեն ինչպէս սովորական հետախուզական ու փոքր մարտավարական խնդիր կատարող անօդաչու թռչող սարքերը, այնպէս ալ հարուածին եւ թանկարժէք Hermes-900-ը սարքերը:
Ան բարձր գնահատած է զինուած ուժերուն կողմէ ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքեր խոցելու արդիւնաւէտութիւնը: «Մեր զինուած ուժերու ամբողջ ստորաբաժանումը խոցած է թշնամիի 13 անօդաչու թռչող սարք, որոնցմէ 10-ն` հարուածային եւ 3-ը` հետախուզական: Ասիկա բաւական բարձր ցուցանիշ է արդիւնաւէտութեան տեսանկիւնէ», ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան:
Ան հաստատած է, որ 14 յուլիսին, ժամը 18:00-ի դրութեամբ իրավիճակը հայ-ազրպէյճանական սահմանին լարուածութիւն աստիաճանականօրէն նուազած է, իսկ կէսգիշերէն ետք կրակոցները գրեթէ լիարժէք դադրած են: