Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց. «Հայաստան չափը անցուց Ազրպէյճանի վրայ յարձակում գործելով , եւ իր սադրանքներուն մէջ պիտի խեղդուի»:
Ան ցաւ յայտնեց ազրպէյճանցի զինուորներու սպանութեան համար` աւելցնելով, որ ազրպէյճանական բանակը քաջարի կերպով հակադարձած է հայկական «նենգ յարձակումներուն»: Աքար նշած է, որ Հայաստան ապօրինի կերպով եւ միջազգային օրէնքները խախտելով գրաւած է «ազրպէյճանական Լեռնային Ղարաբաղ շրջան»-ը:



