Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդները Բողոքի Ցոյց Կազմակերպեցին Հայաստանի Մէջ Ուքրանիոյ Դեսպանատան Դիմաց

Յուլիս 16, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդական ու ուսանողական միութեան անդամները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատան դիմաց: Ցոյցի կազմակերպման պատճառն էր Ուքրանիոյ տարածած յայտարարութիւնը` կապուած հայ-ազրպէյճանական սահմանին Ազրպէյճանի հրահրած սադրանքին հետ:

ՀՅԴ ուսանողական միութեան անդամ Գոռ Սարգսեանը լրագրողներուն  հետ զրոյցին նշեց. «Ինչպէս գիտենք, արդէն քանի օր է` Ազրպէյճանը պատերազմ սկսած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ, ուր տեղի կ՛ունենան բախումներ:

«Մարդասպան Ազրպէյճանը նորէն յարձակողապաշտութիւն դրսեւորած է, այս առիթով տարբեր պետութիւններու, տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու կողէ եղան յայտարարութիւններ, եղան պետութիւններ, որոնք յայտարարութիւն չտարածեցին, բայց մէկ պետութիւն` Ուքրանիան տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որ շրջանին մէջ կը սրէ իրավիճակը:

«Ուքրանիոյ տարածած յայտարարութիւնը ջուր կը լեցնէ մարդասպան Ազրպէյճանի ջրաղացին, այդ յայտարարութիւնը միակողմանի էր` ի նպաստ յաձակողապաշտ Ազրպէյճանին», ըսաւ Գոռ Սարգսեան:

Ան ընդգծեց, որ իրենք` որպէս հայ երիտասարդներ, իրենց բողոքի ցոյցը կը կազմակերպեն  Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատան դիմաց: «Դուք սեպ կը խրէք Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ յարաբերութիւններուն  մէջ: Բոլորիս պարզ է անոր պատճառը, անոր ետին կան տարբեր շարժառիթներ: Մենք եկած ենք ձեզի փոխացելու ձեր եփած ճաշը, եւ ըսելու` լուռ մնացէք», ըսաւ ան:

Անոնք վանկարկեցին «Ուքրանիա, մի՛ սադրեր», «Մի՛ աջակցիր, յարձակողապաշտին»:

Գոռ Սարգսեանը նշեց, որ իրենց այս գործողութիւնը շատ մեղմ է Ուքրանիոյ տարածած յայտարարութեան դիմաց: «Կոչ կ՛ուղղենք  Ուքրանիոյ, Հայաստանի մէջ գտնուող Ուքրանիոյ դեսպանին փոխանցելու իր երկրի իշխանութիւններուն չխառնուիլ այս հարցին, պէտք չէ: Ձեր գործարարական շահերը Ազրպէյճանի հետ մի քաղաքականացնէք, դուք մի խառնուիք այս հակամարտութեան», ըսաւ ան:

Նախորդը

Խօսքը Ուղղելով Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին. «Հիմա Գլխաւորը Ոչ Թէ Մեղաւորներ Փնտռելն Է, Այլ Որեւէ Մարտական Գործողութիւն Դադրեցնելը», Կ՛ըսէ Մաթվիէնքօ

Յաջորդը

Թուրքիա Չի Կրնար Ներգրաւուիլ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Առնչուող Գործընթացներուն Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?