Մուսթաքպալ պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Մուսթաքպալ պլոքը կը սպասէ 7 օգոստոսին Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին արձակելիք վճիռին:
Նշուեցաւ, որ Տար Ֆաթուայի կրօնական գերագոյն խորհուրդին, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին կեցուածքները գնահատելի են:
«Մուսթաքպալ պլոքը իր ձայնը կը միացնէ անոնց կեցուածքներուն` ընդգծելով Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական բնոյթը, արգիլելով անոր զաւակներուն արտագաղթը, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալով ինքզինք զերծ կացուցելու դիրքորոշումին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Մուսթաքպալ պլոքը նկատել տուաւ, որ ներկայ իշխանութիւնը երկրին ներկայ տագնապները լուծելու առումով արձանագրած իր ձախողութեամբ այդ տագնապներն ու հարցերը աւելի եւս կը բարդացնէ: «Լիբանանի ներկայ իշխանութիւնը կը փաստէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու իր անկարողութիւնը, յատկապէս` բարեկարգումները գործադրելէ փախուստ տալու իր ընթացքով եւ միջազգային ու արաբական ընտանիքներուն հետ հաշտուելու իր ձախողութեամբ», կ՛արձանագրուի հաղորդագրութիւն մը:
Մուսթաքպալ պլոքը մտահոգութիւն յայտնեց երկրին մէջ արձանագրուած «Քորոնա» ժահրի վարակումներուն թիւի բարձրացումէն եւ կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն` յանձնառու մնալու անհրաժեշտ նախազգուշութիւններուն` պաշտպանելու իրենց անձնական եւ շրջապատին առողջութիւնը:



